[[Կատեգորիա:]] Բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, բժիշկ, աղգային- հասարակական գործիչ:
Ծնած է Հալկպ, 29 Փեւորուար 1928ին: Ցաճաիւած է Հալկպի Ուսումնասիրաց եւ Ազգ. Կիւլպկնկեան վարժարանները: Ընդունուած է Հալկպի Ամերիկեան Քոլկճր, ապա մեկնած է Կիպրոս ու դարձած' Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան սան: Ամուսնանալկ եւ երկու զավակի հայր ըլլալե եւոք․ կնոջ հետ մեկնած կ Սոֆիա, հեաեւած է պուլկարական Պետ. Համալսարանի քաղաքատնտեսութեան ճիւղին: Կիսաւարւտ' ընւոանեօք կ՛անցնի Երեանն եւ մեկ տարի Պեաական Համալսարանի դասաընթացքներուն հեւոեւելէ ետք, կը փոխադրուի Բժշկական Համալսարան, որուն վեցամեայ ընթացքր կ՝աւարտէ 1970ին:
Հալեպ վերադառնալէ ետք, իր մասնագիւոութեան կողքին, Թորանեան անխոնջ նուիրումով կր ծառայէ հայ գրակւսնութեան, քաջ գիտենալով որ հայ թերթր գաղութները իրարու՝ եւ մանաւա՚նդ մայր հայրենիքին կապող ոսկի կամուրջն կ. կ՚աշխատաակցի Հալէպի, Պէյրութի. Իսթանպուլի. Փարիզի, Մ. Նահանգներու, Գանաաայի. Գահիրէի, Սոֆիայի, Պուքրկշի, Լոնտոնի. Թեհրանի. Արժանթինի, Ղարաբաղի եւ Երեւանի մկջ լոյս տեսնող թերթերուն եւ պարբերաթերթերում (շուրջ 86 անուն թերթ ել պարբերական):
Ցարգ հրատարակած գիրքերուն թիւր կր հասնի 180ի, որոնցմէ 76ր իր գործերն են: Թորանեանի հրւստարւսկած գիրքերուն մւսսին հայրենական եւ արտասահմանեան հայ մամուլի օրկաններուն մկջ հրատարակուած են 150է աւելի յօղուածներ: