Jump to content

Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երբ թոռներդ ինծի դիմէին հայր ըսելով, ես կը մտածէի, թէ երեխաներս արդեօք ի՞նչ կը զգային այդ «հայր» կոչականին ետին: Չեմ հարցուցած իրենց: Չեմ գիտցած իրենց զգացումը: Ի՞նչ կայ «հայր» բառին ետին՝ չեմ զգացած: ԵթԷ հարցնէի զաւակներուս եւ բացատրութիւն տային, այդ պիտի ըլլար բացատրութիւն միայն, որ պիտի չկարենայի ապրումի վերածել: Ահա ինչու թոռներուդ չհարցուցի, թէ ինչ կը զգան, երբ հայր կը կոչեն զիս: Հա՛յր, ասիկա պատճառ մը չէ՞, որ դէմքս թթուի քիչ մը: Այդպէս շուտ մեկնիլդ քոյրս գրկելուդ չի նմանիր, երբ նոյնպէս նեղուած եմ:

Դիմագիծերով քեզի չեմ նմանիր: Ասիկա շրջան մը տառապեցուցած է զիս: Ամէն մարդ կ’ըսէ, թէ դուն հայրս ես, բայց ես ինչո՞ւ քեզի չեմ նմանիր: Բացի ատկէ, մայրս պատմած է ինծի, շատերն ալ երկրորդած ու երրորդած են, թէ սքանչելի ձայն ունեցած ես դուն, ձայնովդ կախարդած, խրախճանքի սեղաններու զարդ եղած ես: Իմ ձա՞յնս: Գեղեցիկ է, երբ միայն միտքէս կ’երգեմ: Եղա՞ւ այսպէս: Դիմագիծերովս քեզի չեմ նմանիր, գոնե ձայնովս նմանէի:

Այս խօսքերէն ետք, գիտեմ, կրնաս նեղուիլ ինձմէ, հա՛յր: Բայց ահա տես, այցի եկած եմ քեզի, խունկ ու մոմն ալ չեմ մոռցած, նոյնիսկ «Հայր Մեր»ը չեմ մոռցած, հա՛յր: Մի՛ նեղուիր, համբերէ քիչ մը, դեռ ըսելիքներ ունիմ:

Մայրս կը պատմէր, որ այո, սեղաններու շուրջ շէնշող էիր ու երգող, բայց առօրեայիդ մէջ չէիր խօսեր, չխօսկանի անուն ունէիր: Գիտցիր, որ քու տեղդ ես խօսած եմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին ու պիտի շարունակեմ խօսիլ, անշուշտ քու չըսածներդ ալ ինքս ըսելով, ուրեմն շալակած եմ բեռդ առանց սպասելու շնորհակալութեան:

Տղաս հարիւր տոոկոսով քեզի կը նմանի: Կը նայիմ նկարիդ, կը նայիմ տղուս՝ քու թոռանդ, եւ կ’ըսեմ տղաս հօրս քիթէն ինկեր է: Աւելցնեմ նաեւ, որ թոռդ ժառանգեր է ոչ թէ իմ, այլ քու ձայնդ:

Ուրիշ ի՞նչ պիտի ըսէի... Լաւ, հիմա հաշտ եմ այլեւս քեզի հետ, մանաւանդ որ զիս լսեցիր սկիզբէն մինչեւ վերջ, ինչպէս կեանքիդ սովորութիւնն է եղած լսել մարդիկը, արժէք տալ անոնց խօսքին:

Պիտի բաժնուիմ քեզմէ, ժամադրութիւն տուած եմ Վարուժանին: Բայց չմեկնած՝ գաղտնիք մըն ալ յայտնեմ քեզի, յետոյ ցտեսութիւն ըսեմ: Սակայն յաջորդ անգամ, երբ այցի գամ քեզի, պիտի ուզեմ, որ այս անգամուան պէս չըլլայ, դո՛ւն խօսիս եւ ես մտիկ ընեմ: Իսկ եթէ երգե՜ս, աւելի լաւ. ես ալ իմացած կ’ըլլամ ձայնդ:

ժամանակն է, որ երթամ, ահա ուրեմն գաղտնիքս: Ըսի արդէն, որ տղաս՝ Արան, քու թոռդ, հարիւր տոկոսով քեզի կը նմանի եւ ունի քու ձայնդ ալ: Ամէն անգամ, որ մեր սեմէն ներս կը մտնէ տղաս ու կ’ըսէ՝ բարեւ, հայրիկ, ես իրեն ցած ձայնով կը պատասխանեմ, շշուկով կը պատասխանեմ.

— Բարեւ, հայրիկ:

Տղաս չի լսեր ըսածս: Տղուս մէջ քեզ կը տեսնեմ, հա՛յր, եւ ամէն