Jump to content

Էջ:A practical dictionary Armenian English.djvu/13

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ


Անգղիերէն լեզուի աւանդութեան մեր վարժարանաց մէջ օր ըստ օրէ ընդհանրանալովը՝ ՀԱՅԵՐԷՆ-ԱՆԳՂԻԵՐԷՆ Գործնական Բառարանի մը պէտքը զգալի եղած էր։

Բաւական ժամանակէ ի վեր կը փափաքէինք պատրաստել այնպիսի Գործնական Բառարան մը՝ որ իւր մէջ պարունակէր գրեթէ բոլոր գործածական բառերը, եւ ուսանողն կարենար իսկոյն գտնել իւր փնտռած բառին ճիշդ նշանակութիւնը։

Ուրախ եմք որ այսօր Հայ մանկտւոյն կը նուիրենք սոյն փոքրիկ աշխատութիւնը որ, իւր թերութիւններովն հանդերձ, կը յուսամք թէ իւր օգտակարութիւնն ալ կրնայ ունենալ։

Զ․ Տ․ Ս․ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Կ. Պոլիս 30 Հոկտ. 1904