Jump to content

Էջ:Armenian classical poetry vol 1.djvu/34

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Պագն անուշ էր, պագն անուշ,
Քանց նուշն անո՜ւշ էր,
Քանց նուշն անո՜ւշ էր։

***

— Աղչկընակ կարմիրվորա՜յք,
Ձեր վանքն ի ո՞ր վանք։
Ձեր վանքն ի ո՞ր վանք։

— Մեր վանուց դուն ի՞նչ կ՚ուզես,
Մեր վանքն՝ ազա՜տ վանք,
Մեր վանքն՝ ազա՜տ վանք։

Մեր վանուց տիպն է տիպած
Աստառ ու բամբա՜կ,
Աստառ ու բամբա՜կ։

Մեր վանուց բոլորն ամէն
Չայիր-չիմա՜ն է,
Չայիր-չիմա՜ն է։

Մեր վանուց գըլխուն վրայ
Ոսկի գուպէ՜թ կայ,
Ոսկի գուպէ՜թ կայ։

Գուպէթին վերայ գըլխոյն
Ոսկի խընծո՜ր կայ,
Ոսկի խընծո՜ր կայ։

Խընծորին վերայ գըլխոյն
Գռուզ խա՜չ մ՚ալ կայ,
Գռուզ խա՜չ մ՚ալ կայ։

Ան խաչին անունն ասեմ.
Այ-Կոստանդին է,
Աստուածածին է։

115