Վազգէն Շուշանեան
Այդ պահուն էր ահա, որ սրահէն բարձրացաւ անօրինակ, աննկարագրելի որոտում մը։ Ոտքի, տենդահար, գերագրգռուած՝ ամբոխը կը ծափահարէր «Երկրային սնունդներ»ու հեղինակը։ Բարձր ու խորունկ սրահին մէջ ծափահարութիւնը ալեկոծ ծովու նման կը թաւալէր, կը մեծնար, կը բախէը պատերուն։ Յանկարծ կը խաղաղէր ու անկիւնէ մը վերստին խուլ որոտուններով կ՚ելլէր, կը փոթորկուէր ու ջուրի ահագին տարածութեանց պէս շառաչելէն կ՚իյնար բեմին վրայ։ Ու մէկէն սանձակոտոր ամպրոպի պէս «Միջազգայնական»ը պոռթկաց, հարիւրաւոր բռունցքներ բարձրացան, ու սրահը վերածուեցաւ անտառի մը։ Խելայեղ, արբշիռ ու աստուածային բազմութենէն խուլ ու որոտընդոստ կշռոյթով մը կ՚ելլէր անիրաւուած ու յառաջընթաց մարդկութեան դասակարգողին երգը, ինչպէս ցորենի ալետատան արտերը կ՚ելլեն երկըին ընդեըքէն։
Անտրէ Ժիտ կեցած էը բեմին մէջտեղը՝ նախագահական սեղանին քով։ Տարականոն կերպով գունատ էր, ու իր ազնուական, հեռաւոր, մեծատաղանդ մտաւորականի զարմանալի գլուխը ծռած էր աջ ուսին։ Յուզիչ ու ողբերգական լրջութիւն մը, արու գեղեցկութիւն մը ունէր դէմքը։ Գուցէ կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպէր իրական մարդկութեան, որ կիրք է ամբողջ ու զգացում։ Իր աջ բազուկը, որ կախուած էր զիստն ի վար, տաժանելիօրէն կը տատանէր։ Դէմքի ծայրագոյն պրկումով մը բարձրացուց զայն մեղմօրէն, աստիճանաբար, նախ մինչեւ ուսը, ապա աւելի վեր, մինչեւ որ իր բռունցքը եւս միւս հարիւրաւոր կռուփներուն նման ցցուեցաւ վեր՝ որպէս սպառնալիք ու որպէս յեղափոխական ողջոյն։ Դէմքը կարծես կորսնցուց այդ վայրկեանին իր անմեկնելի հմայաթափութիւնը։ Գրեթէ քաղցր հանդարտութիւն մը համակեց ողջ մարմինը։ Հաշտութիւնը այս մտաւոըական քաղքենիին ու բազմութեան միջեւ սրտառուչ էր ու խորապէս սփոփարար։
Հսկայ ու ապշեցուցիչ, դարաւոր ու նուրբ քաղաքակրթութեամբ մը օժտուած ժողովրդի մը ծոցէն, ճեղքելով մաքրակրօն ընտանիբի մը ներքին հեղձուցիչ կեանքին մառախուղը, խորտակելով դաժան ճիգով մը իր բոլոր շղթաները, փորձելով խորտակել գէթ, մարդ մը ճամբայ ելած էր իր ճշմարտութիւնը ոըոնելու, մաըդ մը դանդաչելէն[1] յառաջացած էր երկրի մթին փողոցներէն՝ ճգնելով կերտել իր գեղեցկութիւնը։ Ամբողջ կեանքը հոգեկան տուայտանք եղած էր՝ մերթ ոստում դէպի անէութիւնը ու մերթ մագլցում դէպի անհպելի կատարնեըը։ Յաճախ արիւնած էր ներքին վէրքերով ու դասական արուեստով մը, լեզուովմը, որ շատ քիչերու հետ զմայլելի կատարելութեամբ մը կը գործածէը, ըսած էր մարդուն խորունկ տառապանքը, մարդուն, որ դէպի արարչութիւն կը ձգտի ու կը մեռնի եղկելիօրէն։ Յաճախ վրիպած էր, ողբալիօրէն սխալած ու ուրիշներէն աւելի տաժանելի տրտմութեամբ մը զգացած էը իր տկարութիւնը։ Քիչ մը յոգնած էր այլեւս, վասնզի դերբուկ[2] են կեանքի ճամբաները, բայց տարաժամու կ՚ուզէր իր արեան ջերմութիւնը խառնել աշխատաւոր մարդկութեան լեղի քրտինքին։
Ինչ որ ունէր թանկագին երկրի վրայ, իր մարդկայնութիւնն էր, իր հոգւոյն զմայլելի արարչութիւնը։ Ու աստիճանաբար սկսած էր նշմարել, թէ այդ ներքին հարստութիւնն էր, իր անհատականութիւնը, որ վտանգի տակ էր։ Ծայրագոյն ճիգով մը, ուր դեռ կը յամենար քաղքենի արուեստագէտի իր այլամերժ հպարտութիւնը, յարած էր յեղափոխութեան։ Ու գուցէ այժմ միայն, իր հրաշալի դարձէն յետոյ, խորապէս կը զգար, թէ չէ սխալած։ Խորունկ ձայնով մը, ոը յուզումէն կը ղողղոջէր, ուր կը զգացուէր ստեղծագործ տառապանքի մը ծածուկ շեշտը, կարդաց իր հաւատամքը՝ զուսպ գեղեցկութեամբ մը թուելով իը յարումին պատճառնեըը։ Բազմութիւնը գերագոյն կրքով մը կը խլէը իւրա-
344
Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/10
Արտաքին տեսք
Այս էջը սրբագրված չէ