* * *
Վանիի բնակած պանդոկին սանդուխները բարձրացայ՝ համրելով աստիճանները, մտածելով մեծ քաղաքին օթեւաններուն ներքին կեանքին վրայ։ Վանի կը պատմէր, թէ երբեմն կռնակն ի վար կ՚երկննար անկողնին վրայ, դուռը կիսով բաց կը ձգէր ու կ՚ունկնդրէր խորունկ լռութեան մէջ շէնքին յետին ձայները։ Այնքան վարժուած էր այդ խաղին, որ կը յաջողէր ոտքի աղմուկէն զանազանել բարձրացողները։
— Կարծածէն աւելի հաճելի է,— կ՚ըսէր ցուրտ ու անտարբեր ձայնով մը,— այս անմիտ թուող զբաղումը։ Ոչ միայև ոտնաձայնէն բարձրացողը ճանչնալ կարելի է, այլեւ հնարաւոր է իր տրամադրութիւնը հեռազգալ։ Նոյնիսկ տգէտ դռնապանուհիներու քով մարդ կը հանդիպի այս կարողութեան։ Տարիներ լսելէ յետոյ՝ ամէն օր, առաւօտ ու երեկոյ, մարդոց ոտքերուն աղմուկը սանդուխներուն վրայ, ի վերջոյ կը յաջողին զանոնք զատել իրենց ոտքերէն։
Հազիւ երկրորդ յարկը բարձրացած էի, երբ ժամը երեկոյեան վեցը հնչեց։ Ամենուրեք նոյն ողբերգութիւնն է, կ՚ըսէի, ամէն ոք կը ջանայ ազատիլ ինքզինքէն ու ապաւինիլ ուրիշի մը։ Բայց ահա այս փախուստն է, որ կարելի չէ, կը մտածէի յամառութեամբ։ Վիրաւորուած ու հմայաթափ՝ ամէն ոք կը վերադառնալ ինքզինքին՝ աշխարհը գտնելով նեղ ու կեանքը՝ սահմանափակ։ Մարդուն բնական վիճակը առանձնութիւնն է գուցէ, բանտարկութիւնը իր անհատականութեան պատերէն ներս։ Աննան, իրողութեան մէջ, ելք մը կը թուի ինձ ու Վանիին։ Ելք մը այս անել, այս հեղձուցիչ ներքին մթնոլորտէն, ուր կը ծիւրի մեր երիտասարդութիւնը։ Երբ անդրադառնանք մեր սխալին, ժամը ուշ պիտի ըլլայ արդէն։ Ու նոյն խօլ արշաւը վերսկսելու վտանգը միշտ կախուած պիտի ըլլայ մեր գլուխներուն վրայ։ Աննան կամ ուրիշ մը, նոյնը չէ՞ միթէ։ Կարեւորը պատրանքն է, որ մանիշակ ամպի մը պէս կը տատանի մեր վրայ, կարեւորը յուզական մթնոլորտն է, ուր մեր հոգին կը գտնէ իր սնունդը։ Ստորերկրեայ ջրերու պէս, որ գարնան կը յորդին ու խելագար յորձանքներով կ՚ակօսեն երկիրը, կուտակուած գորովներ կան, որ յանկարծ կ՚ողողեն մեզ։
Կորսուած մտածումներուս խորը՝ դուռը բախեցի թեթեւօրէն ու առանց պատասխանի սպասելու՝ մտայ ներս։ Քիչ մը յուզուած ու շուարուն կեցայ դրան մէջ՝ լսելով սրտիս
զարկը։ Լոկ ծիծաղելի է, կ՚ըսէի, այս տարիքին այս անմիտ սրտին հանած աղմուկը աղջկան մը պատճառաւ։ Ու բազմաթիւ հակասական զգացումներ գէշ խոտերու պէս
արագօրէն աճեցան մարմնիս խորը։ Աննա փորի վրայ պառկած էր Վանիի հին բազմոցին խորը ու ծուլօրէն գլանիկ մը կը ծխէր։ Վարսերը խանգարուած կը թուէին։ Աղուոր ու տաք աչքերուն խորը ցոլացում մը կար, որ հաճելի չթուեցաւ ինծի։
Ժամադրութիւնը Վանիի սենեակը չիր, այլ՝ դուրսը։ Ոչ թէ վեցին, այլ՝ եօթուկէսին։ Վեցուկէսէն եօթը պիտի գայի Վանիի սենեակը՝ միասին Լիւքսէնպուրկի պարտէզին
ցանկորմին առջեւ Աննային հանդիպելու համար։ Կրնար ըլլալ միթէ, որ ինձմէ գաղտնի հանդիպիլ ուզած ըլլային։ Գուցէ կէս ժամ կանուխ գալով անակնկալի բերած էի զիրենք։ Րոպէ մը մտածեցի, թէ կրնար լոկ դիպուած մը ըլլալ, բայց Աննայի նուաղուն դիրքը կարծես ամէն կասկած կը փարատէր։ Ողջ հասակովը որովայնի վրայ երկնցած էր բազմոցին խորը, ու իր ամբողջ անձը գոգցես[1] կը մատնէր սիրոյ յաջորդող յոգնութիւնը։
— Ի՞նչ կայ,— ըսաւ Աննա առանց տեղափոխուելու,— դէմքէդ թոյն կը կաթէ, հիւանղ չըլլաս...
«Ի՞նչ կայ»ն արտասանեց ձայնով մը, ուր բարակ հեգնութիւն մը կը ծուարէր կարծես։ Ի ղէպ, զարմանալիք ինչ կար իրապէս։ Ազատ բարքերով ու անկախ աղջիկ մը ըն–
- ↑ 19 գոգցես — համարեայ թէ, ասես թէ