Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

բացատրելի սիրով մը սիրած եմ շառաչաձայն աղմուկով մը իր շղթաները խորտակող Պրոմէթէոսը։ Ռուս ընկեր մը անգամ մը ըսաւ ինձ, թէ Կորքի դառն կը նշանակէ։ Ես խորունկ յազումով մը կը սիրէի Մաքսիմ Կորքին, մինչդեռ այժմ Կոըքի կը նմանի յեղափոխութեան պատրիարքի մը...
— Իսկ դուն,— ըսի,— կը նմանիս աղջնակի մը, որ Կաղանդի տօնը հասարակ կը գտնէ։ Կասկածէ դուրս է, որ դրամատիրութեան պարտութենէն յետոյ յեղափոխութեան կողէն պիտի ծնի սրբազան դժգոհութեան նոր մանուկը։ Ու միշտ արուեստագէտներն են, որ նման հրաշալի մանուկներու խանձարուրը կը փաթթեն։ Գալով Կորքիին՝ պէտք չէ մոռնալ, ռր ամէն գրագէտ իր մակընթացութեան տարիքը ունի, որմէ յետոյ արարչական յորդահոսան հեղեղատը կը գտնէ իր անկողինը, կը թաւալի խաղաղօրէն։ Ոչ մէկ Կորքի երկու անգամ կրնայ գրել «Սայրը»...
Սրճարանին բարձրադիր պատուհաններէն իրիկուան լոյսը վար կը հեղուր իր տաք արիւնը։ Աննայի պարանոցին վրայ ու վարսերուն մէջ լոյսը նուրբ ցոլացումներ ունէր, հազիւ զգալի բեկբեկումներ։ Կ՚ուզէի ափս դնել վզին, մեղմօրէն հպիլ իր խարտեաշ մորթին։ Կ՚ուզէի, որ երկարօրէն խօսէր ինձ, ու քաղցր գուրգուրանք մը, ջերմին գորով մը խառնուէր բառերուն։
— Օրէնքն ու իշխանութիւնը ցայժմ կասկածելի թուած են արուեստագէտներուն, բայց ի վերջոյ արուեստը հարկ է որ հաշտուի նուազագոյն կարգապահութեան, մեծամասնութեան օրէնքին հետ։
— Կրնայ իրաւակարգ մը գոյութիւն ունենալ, որ չունենայ իր Ֆոմա-Կորտիէֆը, իր Ռասքոլնիկովը, իր Մասլովան...
Անաղմուկ սուրճերուն դրամը ձգեցի սեղանին վրայ։
— Գուցէ կարելի է,— յարեց անլսելի հծծիւնով մը,— գուցէ կարելի է...

V

Կարեւորը, անդորրութեամբ կարենալ ապրելու համար, ամէն ինչէ ամէն վայրկեան հրաժարիլ կարենալն է։ Մինչդեռ ես կը նմանիմ բոյսերու, որ արագութեամբ արմատ կը ձգեն էն խոպան հողերուն մէջ իսկ։
Քանի մեկնումի օրը կը մօտենար, այնքան բուռն կերպով հոգիս կ՚որոնէր Աննայի ներկայութիւնը։ Հպարտութիւնս, սակայն, մեծ էր։ Վերջին միջադէպէն ի վեր ոչինչ կ՚ընէի հանդիպելու համար իրեն։ Շաբաթէ մը ի վեր Վանին եւս տեսած չէի։ Յամառութեամբ կը խուսափէի այն բոլոր վայրերէն, ուր կրնայի տեսնել զիրենք։
Օրերը՝ հաճելիօրէն տրտում, կը սահէին՝ ձգելով զղջումի յետին համ մը։ Առաւօտեան կանուխ ճառագայթներու խուրձ մը կ՚արթնցնէր զիս՝ համբուրելով աչքերս։ Ծուլօրէն աչքերս կը բանայի ու քնաթաթախ կը դիտէի արուարձանային հանդարտ փողոցը։ Տան մէջ ամէն ոք իր գործին սկսած կ՚ըլլար։ Սանդուխներէն ցատքելով վեր կը բարձրանար մանուկներուն զուարթ աղմուկը։ Զարթօնքի առաջին պահուև երբեմն կեանքը քաղցր կը թուէր։ Հաւանական էն չնչին հաճոյքն իսկ թեթեւութիւն կը պատճառէր հոգւոյս։ Բայց քիչ յետոյ օրը կ՚երեւար իր ձանձրալի դիմակովը, ու բոլոր հոգերս կը վերադառնային՝ այլեւս մինչեւ անկողին մտնելու ժամը ինձմէ չբաժնուելու համար։
Կ՚երեւակայէի մանաւանդ յառաջիկայ աշունը խոնաւ ու ամայի գիւղաքաղաքին մէջ։ Օրեր կային, երբ անձրեւը կը տեղար օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն՝ պարուրելով իր մառախուղին մէջ էն զուարթ էակներն իսկ։ Երբեմն այլեւս չկարենալով տոկալ ներքին անձկութեանս՝ կը յաջողէի գործէս օձիքս ազատել կէս ժամով ու կ՚իյնայի փողոց։ Հազիւ լուսաւորուած ու նեղ սալայատակներուն վրայ անձրեւը կը շառաչէր թախծութեամբ, կը ծեծէր պատերը։ Պատուհանները թրջած կփլլային, լոյսերը՝ եւս։ Մերթ ընդ մերթ սեւ

363