Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Վսւզգէն Շուշանեան
ողորկ, ու կուրծքը՝ ընդարձակ։ Տղայ մըն էը, որ կրնար սէր ներշնչել էն ցրտարիւն աղջկան իսկ։ Տղայ մըն էր, որ իրապէս կը վայլէր Աննային, որ կրնար անոր արուագեղ զոյգը ըլլալ։
— Ծիծաղելի է ու բարոյալքիչ, օրինակ, ոեւէ աղջկան մը պաաճաոաւ սիրով տառապիլ։ Ինչու ոչ այս աղախինը ու ուրիշ մը։ Անշուշտ կարելի է առարկել, թէ սէրը ընտրութիւն է։ Բայց ով է, որ կ՚ընէ ընտրութիւնը, յամենայն դէպս՝ ոչ բանական էակը։ Տպաւորութիւններու, զգայնութիւններու, զգացական ցնցումներու հոսանք մըն է, որ կը ստեղծէ մթնոլորտը։ Բանական էակը միշտ տեղի կուտայ, հազիւ թէ չնչին ընդդիմութիւն մը փորձելէ յետոյ...
Սիրուն, նոր արդուկուած շապիկով մը վերջապէս ծածկեց իր մերկ կիսանդրին, վարսերը յարդարեց ու գլանիկ մը վառեց։ Շաժումներուն մէջ յեղակարծ ու խախուտ զուարթութիւն մը կար։ Կարծես շատ կարեւոր որոշում մը տուած էր, որոշում մը, որ չէր ուզեր յայտնել ինձ։ Շուրջը կը դեգերէր, կողմնակիօրէն կ՚ուզէր զայն զգացնել ինձ, կ՚որոնէր երկդիմի տարազ մը, որ հարկ եղածին չափ բացայայտ ըլլար՝ առանց յստակ ըլլալու։
— Երբ աւելի երիտասարդ էի,— յարեց,— եղանակի ամէն փոփոխութեան հետ արիւնս կը խենթենար։ Մայրս, քոյրս, ընկերներս կը խնդային վրաս։ Գլխաբաց կ՚իյնայի փողոց ու լուսնկայ գիշերներուն հիւանդ անասունի մը պէս կը թափառէի՝ յաճախ առանձին, երբեմն ալ ինձ նման մէկ երկու խելայեղ տղոց հետ։ Շաբաթներով, երբեմն ամիսներով աղջկան մը շուրջ կը դեգերէի՝ առանց սէրս յայտնել համարձակելու։ Անգամ մը սիրահարեցայ քրոջս ընկերուհիներէն մէկուն։ Թուխ ու նուրբ աղջիկ մըն էր՝ հիւծախտաւորի թաւշային աչքերով։ Գրեթէ ամէն երեկոյ կուգար մեր տունը ու մինչեւ ընթրիքի ժամը կը յապաղէր։ Վերստին եղանակի փոփոխութիւն էր։ Գարունը այդ տարին աղմկայարոյց ջրերովկը վազէր փողոցներէն։ Մեր պարտէզին մէջ իրիկունը երազային գեղեցկութիւն մը ունէր սպիտակ ու թրթռուն նշենիներուն պատճառաւ։ Կը բաւէր, որ այդ աղջիկը երեւէր ծառի մը տակ իր ճերմակ շրջազգեստովը, որպէսզի հաւասարակշռութիւնս կորսնցնէի։ Գլխահակ կը նստէի անկիւն մը ու կը դիտէի անոր ճկուն, սլացիկ հասակը։ Մեղմօրէն կը ժպտէր իր խոշոր ու մելամաղձիկ աչքերովը՝ սպասելով գուցէ, որ խօսիմ իրեն...
Արագ, ջղային շարժումներով կը շարունակէդ հագուիլ ու երբ կը նայէր ինձ, աչքերը կը շողային։ Ուսերը վերստին քիչ մը կքած էին, քիչ մը ինկած՝ ողջ անձիև տալով տրտում լրջութիւն մը։
— Բայց պատանեկան սէրերուս գլխաւոր յատկանիշը լռութիւնն էր։ Մանկօրէն կը կարծէի, թէ շուրջիններս չէին նկատեր սէրս, ու կարելիս կ՚ընէի՝ խուսափելու համարն այդ աղջկան խօսք ուղղելէ։ Փաստօրէն ներքին խանդավառութիւնս ու անձկութիւնս կը բաւէին ինձ։ Տագնապալի անհանգստութեամբ մը կը սպասէի քրոջս եւ իր ընկերուհիին վերադարձին։ Ինչ որ զիս կը հրապուրէր ու կը յուզէր, այդ նուրբ աղջկան քաղցր ժպիտն էր, շարժումներուն հանդարտ տրտմութիւնը։ Ձայնը մեղմ էր ու քնարական։ Աչքերուն խորը վաղահաս վիշտ մը կար։
Տանը խորունկէն կը հնչէր միշտ դաշնակին մորմոքալի աղաղակը։ Դուրսը երեկոն կը յառաջանար։ Բազմոցին վրայ երկնցայ՝ մտածելով անգամ մը եւս գաւառական մռայլ քաղաքին վրայ, որ ողջ տարի մը վերստին գերեզմանս պիտի ըլլար։ Ու գէշ տաշուած, դաժան, անարտայայտիչ, մթին, խոնջ ու աւերակեալ դէմքեր կարգով սկսան տողանցել աչքերուս առջեւէն։ Մտածեցի խոնաւ ու անհրապոյր անձրեւներուն վրայ, որ կը տեւէին օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն, ու արիւնս աստիճանաբար զգաց գիշերային
382