Jump to content

Էջ:Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/24

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/24


Այսպէս մեր արհաւիրքի կարաւանները կամքի գօրաւորներուն
Պղինձէ ու կապարէ աննուանելի պատնէշներն եղան,
Որոնց ղիմաց Ոնիրն իր մարմինը բախելէն պարտասած'
Օր մը, վախնանական անկումի չարաշուք օր,
Իր ձեռուըներովն իր ոսկրակոյտերը քաղաքներու նման,
Մեր փառքի պատուանդանին տակն ահաւոր,
Գերիաբար ծունկի եկած' կնդրուկի տեդ հրկիզեց…

Ել արծաթեայ առավօտի մը ընդմէջէն,
Մեր կարմիր քղամիդներովն անհունօրէն փաթթուած,
Բոլորովին յամրաբար ու յաղթական' ռազմադաշտը նկատելու համար'
Մեր խօլական երիվարներն թշնամիին բեկորներուն վրայ,
Փոթորիկին պէս ու քառարշաւ արձակելէ յետոյ…
Դարաւանդի մը գագաթը բարձրացանք,
Տարփօրէն, մեր ռընգունքներն Ազատութեան հորիզոնին'
Ա'լ վերջապէս Եղեռնին ծովատարած տաք արիւնը հոտոտելու…