Էջ:Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է


Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/27


Ու ահա՛ւասիկ ոսկիէ որաները աւետարանական ցորեանին…
Ու հեռուներէն արգասաւոր դաշտերուն տարածումը անսահման,
Ահա՛ւասիկ գարունէն բարձրացող հոգին հոտը կենսաբեր,
Ու ահա՛ւասիկ հօտերուն տողանցումը բլուրներէն վեր,
Ու ծագիկներու ածուներ ձեր սպիտսւկ վրաններուն համար»:

Երգերը գագրեցան, ու հայ մայրերն իրենց գաւակներուն հետ,
Սրբացան Արարատներուն գէմ ծնրագիր ու բագուկնին դէպի վեր,
Ցադթանակը տօնելէ աոաջ, նախ ազատութեան Հոգին համար,
Դարերու անձայն սուգէն յետոյ իրենց պաշտամունքը մատուցին:

Առաւօտ մը նորէն, նոյն իտէատանջ ու գարաւոր ցեղին,
Ռոլորս մէկ պայծաոօրէն մեկնեցանք հանգրուանէն,
Մինչդե՜ո մեր երիտասարդի երկաթէ ուսերը կը լայննային…
Արդարութեան եւ Զօրութեան եւ Լոյսի վաղորդայնին'
Կրսւնիթէ յաւիտենական ու նշմարիտ Ոստաններուն
Աստուածադիր հիմնաքարերը կարենալ կրելու համար…
1899-1901