Էջ:Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/3

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈԻԹԻԻՆՆԵՐ

Սիամանթոյի բանաստեղծութինները յետ մահու հրատարակուած են չորս անգամ «Սիամանթօ», Պէյրութ, 1955, «Ընտիր երկեր», Երևան, 1957, «Ամբողջական գործեր», Գահիրէ, 1960 եւ «Երկեր», Երեւան, 1979: Ի յարգանս իր քերթուածները «Ամբողջական գործ» խորագրով եւ երկու հատորով լոյս ընծայել ցանկացած, բայց իր ցանկութիւնը միայն կիսովին իրագործած բանաստեղծի նուիրական երազի եւ յիշատակի նոյն վերնագիրը կրող սոյն լիակատար հաւաքածոյի պատրաստութեան ատեն նկատի են առնուած գլխաւորաբար երեւանեան զոյգ հրատարակութիւնները, յատկապէս «Հայ դասականներէ գրադարան» մատենաշարով լույս տեսած «Երկեր»ը, ուր, ինչպէս կազմողը' Հ. Ռշտունի, կը գրէ. «ընդգրկուած է Սիամանթոյի ամբողջ ժառանգութիւնը, բաառութեամբ սեւագրերից եւ ապսպրուած մի երկու քերթուածներից»:


Հասկնալի եւ բացատրելի պատճառներով «Երկեր»էն դուրս մնացած այդ «մի երկու քերթուածները» զետեղուած են այս հատորին մէջ: Վերականգնուած են նաեև «գաղափարական» նույն մտահոգութիւններով զեղչուած ձօները այլ եւ այլ անձանց: Ծակուած են ինչ-ինչ բանաստեղծութիւններու մէջ սպրդած սխալներն ու վրիպակները:

Պահպանուած է բնագրային ուղղագրութիւնը: Միօրինակութեան են բերուած բանաստեղծի ըստ բաւականին խայտաբղետ կետադրութիւնն ու միևնույն բառի տարբեր գրելաձևերը (խղդել-խեղդել, մեհեանական-մեհենական, արցունքոտուիլ-արցունքոտիլ, գետնափորեր-գետնափորներ, ապաստանուիլ-ապաստանիլ եւ այլն):

Քերթողի գրքերն ու «Տարբեր քերթուածներ» խորագրուածբաժնի բանաստեղծութիւնները, որ քաղուած են մամուլէն, տրուած են ժամանակագրական կարգով: «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» ժողովածոյի փարիզեան հրատարակութեան (1907) վերջին' «Ասպետին երգը» քերթուածին յաջորդող տասը բանաստեղծութիւնները դասաւորուած են պոսթընեան «Ամբողջական գործ»ի հետևողութեամբ: Ծ. Հ.. Ունինք шц, երկու էւրատարւսկութիւնՇեր եւս. «Ամբողջական գործեր», Գասիրէ, 1954 եւ «Ամբողջական Գործեր», Պէյրութ, 1974: