Այդտե՜ղ էր, որ սկսավ պայքարի սուրերուն ամէնէն արդարը շոդալ, Այդտե՜ղ էր, որ ժողովուրդը իր իրաւունքը իր կռուփովը պահանջեց, Այդտե՜ղ էր, որ Ան շի լացաւ, շի ծնրադրեց եւ իր գլուխը հոդին շի հասաւ, Այդտե՜ղ էր, որ արդարութիւն որոտացոդի իր նակատը փառակերտ՝ Արեւմուտքի աշխարհներուն դիմաց ջահերուն պէս ցոլացուց, Այդտե՜ղ էր, որ իր անէծքի եւ պժգանքի թուքը թագակրին նետեց, Եւ այդտե՜ղ էր, որ վերջապէս Անիրաւութիւնը օր մը ամօթահար պարտուեցաւ, Ել քեգի համար, այդտե'դ է, որ այսուհետեւ կոթոդները Փառքին Մարմար առ մարմար սերունդիդ ձեռքերովը պիտի բարձրանան՛ Զա՜րկ, Կովկա՜ս, աւերակեալ ու արցունքոտ Հայաստանին աշքերը քեգի ԿԸ նային, Ան գիտէ որ քու թշնամիիդ ատելութիւնը իր թշնամիներէն է որ կը բխի, Երբ իր գերեգմանին մոխիրը իր գուժկան հովերուն հետ եկաւ նամբաներդ սգաւորն), Երբ իր արիւնը եկաւ քու եդբայրական տանդ սեմերը թրջել, Երբ իր կոտրտած բագուկը քու կտրինի ձեռքերուդ ի խնդիր քեգի դոդդոջեցաւ, Թշնամին նոյնն էր այն ատեն, այն, որ այսօր, քու պաշտպանի բագուկէն գարհուրած՝ Կ’ուգէ գայն ջախջախել, կարենալ տօնելու համար վերջնական մահացումը մեր 8եդին՛ • « Ուրեմն գա՜րկ, Կովկա՜ս, թէեւ գիտեմ որ քու ասպետական ձեռքերուդ հարուածին անարժան է նա, Զա՜րկ, թէեւ գիտեմ որ քու սուրիդ վեհութիւնը պէտք շէ՜ր արատաւորն] Այդ անբաններու խուժանին թունաւոր ու պժգափց արիւնէն՛՛՛ Զա՜րկ, թէեւ գիտեմ որ հերոսները հերոսներու միայն կրնան ընդհարուիլ, Զա՜րկ, սա անարգ նակատագիրը ջախջախելու եւ Չարիքն ըմբերանելու համար, Զա՜րկ, որովհետեւ ամէ՜ն Յոյս q*Fbq կը յուսայ եւ ամէն Ապագայ q’Fbq կը պադատի, Զա՜րկ, վասնզի ամէն Ազատութիւն ու ամէն Արեւ քու հարուածիդ կայծերէն պիտի ծնանին, Զա՜րկ, Փու անթառամ սիրոյդ եւ ատեյութեանդ շափին խորութեանը համեմատ, Զա՜րկ, զա՜րկ, ահաւասիկ հորիզոնները կը կապոյտնան, ահաւասիկ Առաւօտները կը նեդքուին, Զա՜րկ, ազատաբեր հարուածիդ շռինդը Մասիսէն ի Տաւրոս եւ մինշեւ Հայրենիքին խորերը կը թնդայ: 1905 Ժընեւ 59
Էջ:Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/47
Արտաքին տեսք