Էջ:Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/88

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԱՐԻԻՆ է ՈՐ ԿԸ ՏԵՍՆԵՄ

Մոռացումներու մոխիրին մէջն է nր զքեզ պատանքեցի,
Ո՜վ երկբայելի, եսանուէր ու սնոտի Սէր,
Եւ չի հաճեցայ հիւսել խարտեաշ եղէգներէն ոչ դափնի եւ ո՛չ պսակ
Եւ ո՛չ ալ դողդոջ երդ մը, քեզի համար, իմ աղատածուփ քնարէս…

Ո՛չ ալ qfեզ դեռ. երգեցի, ո՜վ երկինքներու անդորրական կապոյտ,
Ո՛չ ալ զքեզ՝ Արեգա՛կ, զօրութի՜ւն, կեանքի եւ աճումի ովկիան,
Ո'չ ալ զքեզ՝ Արեւե՛լք, աստուածներու եւ քուրմերու ծննդավայր,
Պատմութեանց կոթող, իմաստութեան խորութիւն եւ վայելքի խորան…

Ո՛չ ալ զձեզ՝ Արեւմուտքի իտէապաշտ Ոստաննե՛ր, ուր Մեծերը կը
ծնանին…
Ո՛չ ալ զձեզ' մեհենական անտառնե՛ր եւ փլատակուող բարկութի՛ւնք
սարսափահար ծովերու…
Ել վարդակարմիր եւ հոլանի եւ անբասիր առաւօտ,
Կամ ոսկիներու իրիկո՛ւն, մեռելական աշնանամո՛ւտ եւ անապատի
անեզրութի՜ւն…

Իսկ օր մըն ալ, երագիս մէջ, Քերթողահայր մը, ինծի ըսաւ․
«Կը հասկնամ ես քու ցաւդ, վասնզի ես ալ կեանքէն եկայ անցայ…
Զաւա՛կ՝ եւ գիտես որ իմ քնարիս պարտէզներէն վարդի թերթեր
հոսեցուցի…
Ել տարփաւորներն անոնց բուրմունքէն գիշերներով գինովցան,
Բայց ծադիկները գօսացան, ինչպէս մեռաւ իմ աշունս ալ մեծափառ…

Ես գինին երգեցի իր ոսկեվառ բաժակին մէջ հրակայլակ,
Եւ պլպուլին հայրենացաւը տաւիղիս թելերէն սրտիս մէջը կաթկթեց…
Խունկեր մատուցի' մոլգնօրէն պաշտուած աստուածներու
պատուանդանին
Եւ տառապանքս մոռնալու համար, կերպարանքս մոխիրով պատեցի…

Մարմնին ձեւերն երգեցի, գերեզմանէն սերած եւ գերեզմանին ընծայ,
Ու ծնրադիր պաղատեցայ եւ դողացի շրթունքի մը եւ երկու աչքերու
առջեւ…
Արցունքն երգեցի, վերջապէս, հոգիներէ յորդող եւ նայուածքներու
հեծեծանք,
Եւ օր մը այսպէս մեռայ՝ Հեղգութիւնս ձեր բոլորին բաժին ձգած…»: