Էջ:Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/90

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՅՈԳՆՈԻԹԻԻՆ

Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…
0՜, դէպի Խաւարներն ու Մոռացումը քալէ', Ո՜վ յոգնած ու դանդաղ ու ծանր ուխտաւոր, Աղբիւրներու սա' պայծառ տղուն հետ աոանձին․ Ան հոնտեղերը մարմարէ մեհեաններ գիտէ, Ուր հինաւուրց աստուածները՝ ազնուօրէն զօրաւոր, Քու յոգնութիւնդ կը հասկնան… Ու մարդկօրէն անոր մեծ ցաւը կ՚ապրին… Աւա՜ղ, մինչեւ ե՞րր մեր մարմինները տարփաւոր Այսչափ տենդօրէն պիտի գալարուին… Դէպի փայտէ դագաղները դարաւոր' Յաւիտենական ու ապարդիւն կեանքին, Վերջապէս իրիկուն մը մխրճուելու համար… — Թէեւ այնչա՜փ չարաշուքօրէն — Արհաւիրքով լեցուն, բայց փրկարար ծոցը հողին: Դիտեմ, սքեմիդ մէջի վանականի իրանդ ոսկիէ Շատ ապրած Աստուածի մը խոնջէնքն ունի․ Ուրեմն եկո'ւր սա խարտեաշ ու խորունկ ու լուռ ու մերկ հարսներէն լեցուած՝ Մեր գինիի նուիրական սափորն ա'լ վար դնենք, Թէեւ ան մեր երգերուն խենթութիւնը կ՚ըլլար… Ու այն բոլոր արշալոյսէ ծաղիկները, որ քաղեցինք, Անկարելի պաշտամունքին համար… Այս բոլորը ձգենք, մեր կուրծքերուն ադամանդէ խաչերուն հետ, Ո՜վ բարեկամ ու բախտակից ու հոյակապ քրմապետ, Այնպէս չէ՞, ես ալ այս բոլորը ճանչցայ, Քեզի հետ ա'յնչափ ապարդիւնօրէն, Իմ սիրահար տղու խօլաթեւ իրիկուններուս մէջէն, Յոգնած եւ արիւնոտ ճակատիս դիմաց, անհունօրէն, առ յաւէտ… Ու արդէն աւագներու մոգերն աստղերուն տակ ըսին թէ Հողին բոլոր գինիները ա՛լ մոլախինդ պիտի ըլլան, Ու բոլոր կապոյտ շուշաններն ալ ձեր Յոյսի ծադկանոցին, Ամենը մէկ, յանկարծօրէն ագռաւներու պիտի փոխուին… Ու յետոյ գիտես որ բոլոր օձերը փեթակներուն տակ, Մեգի համար այն սե՜ւ՝անձրեւներէն ի վեր, հիմակ, Մահագուժօրէն վաղուան մեդրը կը պատրաստեն, Ու դեռ. կարծեմ թէ գետնափորներուն մէջ է որ Բոլոր բրուտները, մեռելներու հողերէն,