կարգերուն համաձայն մեղաւոր չեմ ես, թէ մեր մէջ չէ պատահած այնպիսի բան մը, որ մարդիկ առհասարակ անքաւելի կը համարեն... Բայց հազիւ թէ առաջին վանկը արտասանեցի, անիկա հասաւ իր զայրոյթին ծայրայեղ աստիճանին ու կարծեց, թէ պիտի ստեմ... ու իր ձեռքը զգացի բազուկիս վրայ ակցանի մը պէս սեղմուած... Շուրջս ամեն ինչ դարձաւ ու անհետացաւ, աչքերս մթնցան և զգացի, որ գիտակցութիւնս կը կորսնցնեմ...
Պառկած էի անկողնիս մէջ ով գիտէ քանի օրերէ ի վեր: Եթերի հոտը կը ծածանէր ռունգերուս մօտ։ Լոյսի պղպճակներ կանցնէին կիսաբաց աչքերուս աո առաջք... ուրիշ ոչինչ...
Հետզհետէ տեսայ մարդոց ստուերներ. ինչո՞ւ, կուգային ինձի այնքան մօտիկ, որ կը խափանէին շնչառութիւնս, որովհետև ինձի կը թուէր, որ ոչ միայն կը մօտիկնային ինձի, այլ իրենց բոլոր ծանրութեամբը կը հպէին ամբողջ մարմնոյս, մանաւանդ գլուխս, որուն մէկ կողմը անսահմանօրէն խոշորցած էր կարծես: Երբէք չի պիտի կրնամ այդ ծանրութիւնը վերցնել, կը խորհէի, ու ժամերով այդ սնոտի մտածումը կը կառչէր ինձի ու կը չարչարէր մտածումս:
Լուռ էր և ամեն ինչ անշարժ, ու անսահմանելի վախ մը գրաւած էր զիս: Եթէ բան մը շարժէր սենեակին մէջ կամ շշուկ մը լսելի ըլլար, կարծես զարհուրելի դէպքեր յառաջ պիտի գային ատկէ: Սիրտս, ա՜հ, խեղճ սիրտս ճնշուած, կըսպասէի անձկանօք, ու ժամեր, ժամեր այսպէս... մինչև որ մտածումս մթագնէր բոլորովին:
Առաջին օրը, որ յիշողութիւնս ինձի վերադարձաւ, պատառատուն էր և պարապներով ընդհատուած: Մեր տան սովորական բժիշկը մօտս էր, բայց զինքը կը տեսնէի մասնակի կերպով ու իր անձին մէկ մեծ մասը կը խուսափէր իմ տեսողութենէս, կարծես թէ ամպի մը մէջ կորսուած ըլլար: Ւր մատները միայն կերեւային տարապայման կերպով երկարած ու նայուածքս զանոնք կը տանէր ուր որ ուզէր առաձգական բաներու պէս, ու անոնք կերկարէին ու հանգոյցներ կը կազմէին ու ես կը չարչարուէի այդ սոսկալի զիկզակներուն հետևելով:
Հրատոչոր մարմինս յանկարծ զովացած է ու ես