Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/53

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ու դուն կաս ու կը մնաս ձուլուած իմ հոգիիս այժմ և յաւետ, և ոևէ չար դիտաւորաթիւն անկարող է անբռնաբարելի և անշօշափելի զօրութեանր դէմ մեր զգացումներուն...

Աոաւօտ է. տենդս իջած է և կարող եմ իմ սոսկալի գլուխս բարձրացնել քիչ մը մեծ ճիգերով, երբ բժիշկը զբաղած է վէրքս փոխելու: Արևան բարակ գիծ մը կը սողոսկի քունքիս վրայէն ու կիյնայ շապիկիս վրայ... աչքերս կրկին կը մթննան։ Այդ կաթիլ մը արիւնը երևակայութեանս մէջ կը լայննայ, արիւնի լիճ մը կը դառնայ, ու ամրողջ օրը կապրիմ այդ սոսկումի զգացումին մէջ։

Ւ՜նչ սքանչելի ելք մըն էր մահը, որ այնքան մօտէս անցավ ու սակայն զիս չի տարաւ: Այսօր իմ վրդովուած էութեանս ամենագէտ պայծառատեսութեան մէջ կըզգամ, թէ ինչ սերտ կապ մր կայ մահուան և սիրոյ մէջ, բայց չեմ կրնար բնորոշել ինչպէսը։ Մահուան սարսուռները, որ անցան իմ վրայէս ու դղրդեցին ամբողջ էութիւնս, նման էին այնքան յուզմունքի սարսուռներուն, երբ քու նայուածքիդ տակ կըզգայի, որ ամբողջ աշխարհը կանէանար ինձի համար։ Յանդգնութիւն պիտի ըլլար բառերով բացատրել։ Բայց իմ ամբողջ հիւանդութեանս ընթացքին, երբ գիտակցութեան նշոյլներ կունենայի ու կը խորհէի քեզի, մահը գերագոյն հեշտանքի մը պէս հզօր էր և ցանկալի։

Ու այն ատեն, սիրելիս, երբ ինքզինքս կըզգայի ֆիզիքապէս սպառած ու անկարող նոյնիսկ շարժելու, տարօրինակ և սքանչելի զգացում մը կը գրաւէր ամբողջ էութիւնս ու ցաւերն իսկ, սարսուռները տենդին, դեղերուն հոտը ու վտանգը այնքան սերտօրէն կապուած էին իմ սիրոյ զգացումիս հետ, որ երբ բժիշկին մատները կը ծանրանային վէրքիս վրայ, սիրտս կը նուազէր յոյզերով և տարփանքով...

Արևը կրկին ծաղեցաւ ինձի համար... Ւ՞նչպէս յաջողեցար մինչև իմ մօտս գալ, սի՛րելիս... Ուզեցի խօսել ու իմ ուրախութիւնս արտայայտել։ Աղմկալի շփոթութեամբ մը բոլոր մոռցուած ձայները հոգիիս սկսան երգել ու սիրտս, խեղճ սիրտս այնքան արագ կը բաբախէր, որ յիմարական խուճապի մը մատնուած էր։ Կարծեցիր, որ չի տեսայ քեզ, չի ճանչցայ քեզ, բայց այդ պահու քու ցաւագին ու պաշտելի դէմքդ դրոշմուած է իմ մտքիս մէջ ու