Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/55

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

- 55 -

Միքայէլ ժամանակը եկած համարեց վերջին տեսակցութեան մր համար, ո՛ւֆ, ինչպէս կր սիրէ բացատրութիւնները, այսպիսի դժնդակ տեսարանները։ Հիւանդութեանս ամբողջ ընթացքին ոչ մէկ օր ատելութիւն կամ քէն չունեցայ իրեն համար, որովհետև բացարձակապէս վտարուած էր իմ յիշողութենէս. բարի և ծէրունի բժիշկս արգելեր էր իրեն նոյնիսկ սենեակիս սեմին վրայ երևնալու, և այդպէսով զերծ մնացի ոևէ անախորժ հանդիպումէ. բայց հիմա՞կ։

Մինչև նշանակած ժամը հակառակ ինձի մտածեցի իր վրայ։ Զարմանալի կերպով իր մասին ունեցած խղճահարութիւններս անհետացեր էին. ոչ մէկ պարտաւորաթիւն կըզգայի իրեն հանդէպ և ոչ մէկ իրաւունք կը ճանչնայի իրեն, բայց սիրտս ճնշուած էր և եթէ կարող ըլլայի, ոևէ ոստումով կը խուսափէի այդ տեսակցութենէն։

Սրահը կըսպասէր ինձի. տարօրինակ վախ մը պաշարեց զիս, բայց մեծ ջանքով յաջողեցայ գոնէ պաղարիւնութեան երևոյթ մը պահել։ Սենեակէ մը անցած ատենս տեսայ հայելիին մէջ ինքզինքս ուրուականի մը պէս տժգոյն ու մեղքցայ ինքզինքս։ Բայց մինչև սրահ հասնելս հակաղդեցութիւնը չուշացաւ, և մտածելով թէ ինչ հանդիսաւորութիւն կուտար այդ տեսակցութեան, տխուր հեղնութիւնով մը տոգորուեցայ. թնչպէս նման էր ինքղինքին։ Ինչքան աւելի լաւ պիտի ըլլար թէ իրեն և թէ ինձի համար, եթէ բացարձակ լռութիւն պահէինք այն բաներու մասին, որ պատահած էր մեր մէջ ք՝տյց անիկա օրերէ, շարաթներէ ի վեր սլատրաստուած էր այս տեսակցութեան, ու ղիտէի, որ ոչ մէկ բանով իքղիքը կը ղրկէր այդ տաժանքի հանդիպումէն։ Գիտէի, որ ատելութեան և նախանձի օձը յարատև կերպով գալարուած էր իր դժբաղդ սրտին մէջ, ու այդ չարաբաստիկ աղդեցութեան ներքև որոշած էր ընելիքը։

Անորոշ սարսափով մը կը մտածէի, թէ թնչ հնարք գտած էի արղեօք իմ սիրտս վիրաւորելու համար, բայց այդ պահուն իր հետ դէմ առ դէմ գըտնուելու սոսկումս կր դերակշոէր ամեն ինչ։ Ինձի կը թուէր որ ստիկա անկարելի բան մըն էր և թէ մեր աչքերը այլևս պէտք չէր, որ իրարու հանդիպէին։ Երբ սրահ մտայ, իմ կրած տաժանելի զգացումս գերազանցեց կանխահոգութիւններս. ծունկերս կթոտեցան և կարծեցի, որ պիտի իյնամ, ու տեսայ, որ անիկա անկարեկիր խստութիւնով մը դիմաւորեց իմ տկարութիւնս։ Իրմէ գթութիւն չէի սպասեր րնաւ,