Այս էջը հաստատված է
հալածած է այդ ահագին կօշիկներով: Միջին հասակ եւ բարակ կազմ մը ունի: Մազերն սեւ են, եթէ ճերմակ ըլլային աւելի պիտի վայլէին, վասն զի միշտ իբրեւ ծեր կը խորհի թէպէտ եւ ետ չկենար իբրեւ երիտասարդ գործելէ:
Փողոցի մէջ երբեմն ծանր կը քալէ եւ երբեմն ալ կը վազէ. ծանր քալած ժամանակը շահու վրայ կը խորհի, իսկ երբ վազէ շահ մը գտած է: Այս վերջին պարագային մէջ շուրջը չնայիր եւ չը բարեւեր իւր ծանօթներն՝ որոնց ամենը եթէ բարեւել հարկ ըլլար՝ մինչեւ երեկոյ չպիտի կրնար երթալիք տեղը հասնիլ: Իսկ երբ դէմքն որ կղզիի շոգենաւուն հասնելու համար վազելէն ետքը երբ մէկ ոտնը շոգենաւին մէջ պիտի դնէ՝ շոգենաւն սուլելով կը մեկնի: