ձեռները շփելով կը հրամայէ երկիւղածութեամբ որ Հռովմէն իրեն տրված կոնդակը կարդացվի: Կոնդակը կը կարդացվի լատիներէն լեզուով. ժողովականներն իրարու երես կը նային: — Մենք Լատիներէն չենք հասկնար, գերապայծարւ, կ'ըսեն ժողովականք: —Վնաս չունի, կը պատասխանէ Հասունենան, թող կարդացվի: —Բան մ'ալ չենք Հասկնար: — Աւելի աղէկ... արդէն մարդս ամէն կարդացածը կամ լսածը հասկնալու պարտաւոր չէ։ Կոնդակին Լատիներէն ընթերցումը կը վերջանայ եւ Տաճկերէնը կ՚սկսի, վասն զի այն թուականին Հայերէն լեզու չկւսր- Կոնդակին իմաստն էր հետեւեալը. «Հասունեան, երբ որ Կ.Պօլսոյ նախագահը վախճանի այն ատեն դուն Անարզաբայ թեմը թողլով Կ.Պօլսոյ նախագահութիւնը ձեռք առ եթէ այդ իշխանութեանդ դէմ դնելու ըլլան` զօրութիւնդ ցուցուր անոնց, եթէ չկարենաս զսպել` մեզի իմաց տուր որ պէտք եղածը տնօրինենք եւ անոնց գլուխը ջախջախենք..» Տխրութիւնը եւ լռութիւնը կը թագաւորեն ժողուոյ մէջ. բայց ի'նչ օգուտ, արտաքին գործերու պաշտօնեայն միշտ Հասունեան է: Հասունեան, ինչպէս յայտնի է, գովելի համբերութեամբ վարված է այս պարագւսյին մէջ, վասն զի կարող էր դանւսկով զարնել սպաննել Մարուշը քանի որ կոնդակին մէջ գրված էր թէ` անոր մեռնելէն վերջք ինք նախագահ պիտի ըլլար: Ժողովականները տեսնելով որ իրենց ազգային իրաւունքներն բռնաբարված են այս կոնդակով` զոր Հասունեան ձեռք անցուցած էր Հռովմէն օգնիչ-եպիսկոպոս ձեււնադրված ժամանսւկ եւ զոր գաղտնի պաՀած էր` կը զայրանան: Ցակոբ չէլէպին կը հարցունէ Գեր. Հասունեանին. — Տէ'ր, ազգին իրաւունքներն բռնաբարված են այս կոնդակով:
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/112
Արտաքին տեսք