Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/126

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րիլ մարդ մը որ ինքզինքը բոլորովին ազգին նուիրած է եւ անոր գործերէն վայրկեան մը բաժնուիլ չուզեր. անոնք որ գործի մարդ էին եւ տասնըհինգ օրը անգամ մը հազիւ կըրնային ժողովի մը ներկայ գտնուիլ՝ երբ կը տեսնէին Փափազեանն որ առաւօտէ մինչեւ երեկոյ, երեկոյէ մինչեւ առաւօտ, ազգային շահերը պաշտպանելու զբաղած է' կը հարցնէին իրարու թէ այս մարդն իւր շահերը երբ կը պաշտպանէ:

1863ին Ժամանակ անունով հանդէս մը հրատարակեց եւ բաւական տուժեց ինչպէս որ սովորութիւն է տուժել ամեն անոնց որք յիմարութիւն կամ դժբախտութիւն կ՚ունենան թուղթի մը տակ խմբագիր ստորագրելու: Փափազեան ժամանակէն վնասվելուն պէս «Հրատարակելու ժամանակը չէ ըսելով դադրեցաւ ազգին ծառայելէ խմբագրութեամբ եւ ուխտ ըրաւ որ Ղալաթիոյ խորհրդարանէն դուրս չելնէ եւ հոն, միայն հոն ծառայէ ժողովրդեան: Այս ուխտով կարծես հասկցնել ուզեց թէ պատրաստ է ազգին շահերուն պաշտպան կանգնիլ որչափ ատեն որ իրենները չվնասվին:

1870ին Ազգային ժողովոյ երեսփոխան ընտրվեցաւ եւ ձախակողմեան կուսակցութեան գլուխ եղաւ: Կը փափաքէր որ ամեն օր ուրբաթ ըլլար որպէս զի ժողով գումարվէր եւ երթար իւր լեզուին հանճարը ցոյց տալ: Շատ գիշերներ քնոյն մէջ քուէ քուէ կը պօռար այնպիսի ձայնով մը որ դրացիներուն քունը կը խռովէր: Գիշեր կամ ցերեկ ուր որ փոքր զանգակի մը ձայն լսէր` իսկոյն երեսփոխանական ժողով կը վազէր: Օր մը բացակայ եղած չէ, միշտ որոշեալ ժամուն ներկայ կը գտնվէր, եւ եթէ ընկերներն եկած չըլլային` իւր աթոռը մէջքէն չուանով մը կապելով դուրս կ՚ելլէր որպէս զի ուրիշ մը չյափշտակէ զայն: Մեծամասնութեան գործած հրաշքներն յիշելով երանի կը կարդար իր կատուին որուն կ’ըսէր. «Կատո՛ւ, դուն ինէ զօրաւոր ես. եթէ երեսփոխան ըլ