Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/135

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Եթէ Մեղուի պէս ուրիշ աշակերտներ ալ ունինք կը փափաքինք որ անոնք Կիւբեղէի առջինեկներուն եւ կամ Բեթղեհէմի զաւակներուն հետ մէկտեղ ծնած ըլլային:»

Այս կոնդակն, ինչպէս յայտնի է, կը փափաքէր որ Մեղուն եւ իր նմաններն գետնին տակն անցնէին:

Այս աղօթքն ընելէն ետքը առանց խնդիրն փաստաբանելու սկսաւ Մեճմուայի դէմ պաշտպանել ազգային լրագիրներն որոնք բնաւ պէտք չունէին իւր պաշտպանութեան: Յիշեալ գրութիւններն Տքնութիւնք հայրենասիրի տիտղոսով տետրակի մը մէջ ամփոփված են, եւ որոնք բարձրաձայն կ'աղաղակեն թէ Միսաքեան լոկ խօսքերու վարսավիրայ մ՚է որ ասդիէն անդիէն խօսքեր հաւաքելով՝ զանոնք կը սանտրէ, կը կոկէ, անուշաբոյր իւղերով կ՚օծէ եւ հրապարակ կը հանէ, եւ երկու տողով հասկնալի բան մը իւր գրիչին տակ երկու էջի մէջ անհասկնալի կ'ըլլայ. եւ երբ վարսավիրայ մը կը տեսնեմ որ անմիտ երիտասարդի մը գլուխը բռնած ժամերով անոր վրայ կը խաղայ՝ կ՚ըսեմ. Միսաքեանը յօդուած կը գրէ. իսկ երբ այն երիտասարդին հետ խօսիմ եւ գլխուն արտաքին զարդն եւ ներքին ունայնութիւնը տեսնեմ, կարելի չԷ որ չյիշեմ Միսաքեանի գրած յօդուածները:

1870ին որոշեց այս մարդը Պօլիս գալ: Ի՞նչ նպատակաւ: Ահա իւր ծրագիրը.

«Ա. էշ մը առնել եւ երբեմն երբեմն վրան հեծնելով Ալէմ Տաղի երթալ.

Բ. Իւսկիւտարու մէջ ծովահայեաց տուն մը ուզել ազգէն:

Գ. Իրեն եւ իր իշուն ամսական մը պահանջել ազգէն.

Դ. Իր գործերը հրատարակելու համար քանի մը հարուստներէն դրամ հաւաքել.

Ե. Լրագիրներու մէջ յօդուած գրել եթէ ազգն երթայ իր ոտները համբուրէ.

Զ. Ուզած մարդերուն հայհոյելու արտօնութիւն պահանջել քաղաքավարութենէ:»