Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

11 նունդ փոխէ:» Մենք բնաւ կասկած չունինք ասոր ստուգութեանը վրայ: Շատերը արդէն այս երազին ներկայ գտնված ըլլալով՝ իբրեւ ականատես վկայ կը պատմեն․ մինչեւ իսկ կր նկարագրեն Նար-Պէյ Լուսինեանի կերպարանքն որով երեւցած է, երազի մէջ, Խորէնին: Իբրեւ զօրաւոր փաստ ուրիշ ի՞նչ պահանջելու իրաւունք ունինք, միթէ Մասիս, Թէրճէմանը-ԷՖքեար եւ Լրագիր օրագիրներն չհրատարակեցի՞ն զայն արժանահաւատ աղբիւրներէ քաղելով։ Բայց ի՞նչ օգուտ, մարդիկ որչափ ալ բարձրանան նորէն բարձրանալ կը փափաքին. Խորէն եպիսկոպոս ալ, իբրեւ մարդ, քանի մը տարիներ Նար-Պէյով շատանալէ վերջը ուզեց որ Լուսինեան ալ յորջորջվի նման այն աւազակին որ ուրիշի մր գոյքը յափշտակելէն ետքը կը փափաքի անոր հայրերն ալ կողոպտելու։ Այս չափազանց փափաքէ մղվելով է անշուշտ որ Խորէն եպիսկոպոս ելաւ օր մը հետեւեալը հրատարակեց.

«Նկատելով որ Ռուսաստանի մէջ Լուսինեան մը կայ որ նամակով ինծի կ'իմացնէ թէ ես իրեն եղբօր որդին եմ.

«Նկատելով որ բոլոր եղբայրներս Լուսինեան մականունը կը գործածեն.

«Նկատելով որ հարազատ եղբայրներու մէջ տարբեր մականուններ գործածելն անտեղի է.

«Ես ալ որոշեցի որ այսուհետեւ Լուսինեան գործածեմ:»

Փառք տանք Աստուծոյ որ միտքը չէ ինկած հետեւեալն ալ գրելու.

«Նկատելով որ եղբայրներս ամուսնացած են...:»

Ինչպէս յայտնի կ՚երեւայ, Խորէն եպիսկոպոս վերոյիշեալ նկատելներով բոլոր պատասխանատուութիւնն հօրեղբօրն ու եղբայրներուն վրայ կը ձգէ: Եթէ հօրեղբայրն բան մը գրած չըլլար իրեն՝ եթէ ներելի ըլլար հարազատ եղբայրներու մէջ տարբեր մականուններ գործածել՝ անշուշտ ինքն ալ չպիտի ստիպվէր փոխել իւր մականունը․ օրինաւորութիւնն է որ կ՚ստիպէ խեղճը Լուսինեան յորջորջվելու: Հարկ կը համարինք հոս յիշել թէ Խորէն եպիսկոպոս իւր կարծիքներուն