139 ռաւ: Թէպէտ եւ այսօր եթէ ետեւէն երթաս եւ Հսւյր 8ով- հաննէս կոչես' իսկոյն ևտեւը կը դարւնայ: Այն թուականէն սկսաւ Հրւովմ, Անտոնեաննեբու վանքին մէջ դասատութիւն ընել, աբեղայներու եւ նորընծայներու վրայ հսկել ել ժա¬ մանակ ունենալ երբեմն երբեմն Բրօբականտայի ներկայա¬ նալով' փաստաբանօրէն պաշտպանել այն ղատերն որ Լի- բանանու կաթողիկոսներու դէմ կ՚ըլլային: Եթէ այս պաշ¬ տօններուն վրայ Հարիւր պաշտօն եւս աւելցվէր' սիրով պի¬ տի ընդունէր. . 1853ին եկաւ Պօլիս: Ինքզինքը ժողովրդեան սիրելի ցոյց տալու արհեստն Աստուածաբանութենէ շատ աղէկ ուսած ըլլալով' քիչ սւտենի մէջ ժողովրդեան Համակրութիւնն իրեն գրաւեց: Նիկողայոս Պատրիարքն' կոչեց զինքը Պատրիար- քարանի ատենադպրութեան պաշտօնին' զոր քանի տարի¬ ներ վարեց միշտ Հասունեանի հետ գաղտնի մրցելով' Պատ¬ րիարքին վերարկուին ետեւը պահուըտած: 1860ին երբ Հիւանդ ինկաւ Կակոնեան պատրիարքն' Հայր Սուքիաս սկսաւ անոր պաշտօնը վարել իբրեւ խոր- Հըրդական. քանի աոաջ կ՚երթար Պատրիարքին հիւանդու- թիւնը այնքան կը յարւաջանար նաեւ Հայր Սուքիասի փա¬ ռասիրութիւնն: Իսկ երբ 1861ին Կակոնեան վախճանեցաւ' ինքն ալ Պատրիարքարանէն Հեո֊ացաւ եւ առանձնութեան մէջ կ'անցունէր կեանքը: 1864ին մշտնջևնաւ որ աբբահայր ընտրվեցաւ Անտոնեան Միաբանութեան եւ միայնգաման արւաջնորդ Անտիոքայ Վի¬ ճակին: Միաբանութեան սահմանադրութեան կը տրամադ- րէր որ աբբահայրն Մայրադունութեան աստիճան ունենար, բայր 'մազանճեանի Սահմանաղրոլթիլնբ արքեպիսկոպոսու- թեան աստիճան ուղելով յաղթանակը տարաւե, լ երկու. հա- բիւ ր տարուան Միաբանութ եան մր կանոնադրոլթ իւնը փո¬ խելով' Անտիոքայ սւրքեպիսկոպոս տիտղոսով Միաբանու¬ թեան ղլուխը նստաւ: Ձեռնադրութիւնը Լիբանան կատար¬ ուեցաւ: Աբբսւ ճայրութեւսն աթոււին վրայ բազմելուն պէս'
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/142
Արտաքին տեսք