Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/145

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րացուց։ Վատիկանու ժողովէն փախուցած երեք ծեր եպիսկոպոսներէն մին կաթողիկոս ձեռնադրել տուաւ, ինքզինքն ալ աթոռակալ անուանեց եւ բռնեց ազգային իշխանութեան սանձերն զորս ուզած ատեն կը քաշէր եւ ուզած ատեն թող կուտար։ Աթոռակալութիւն, պատրիարքութիւն, կաթողիկոսութիւն, ամէն բան ինքն կը տնօրինէր եւ չէր վարաներ մեծ պատրաստութիւններ տեսնել կաթողիկոսական յաջորդութեան համար։ Ազդեցութիւնը մեծ ըլլալուն պատճառաւ՝ մեծ ծախքերու կարօտ էր․— յայտնի է որ պզտիկ ծախքով մեծ ազդեցութիւն չըլլար — ուստի սկսած էր ամեն օր Միաբանութեան դիմել եւ ստակ խնդրել կամ առանց խնդրելու առնել: Միաբանութիւնն անոր մեծ ազդեցութենէն օգուտ քաղել չուզելով հրաժարացուց զինքն մշտնջենաւոր աբբահայրութենէն ըսելով․

— Պզտիկ ազդեցութիւն ունեցող աբբահայր մը մեր գործին աւելի աղէկ կուգայ։

Թէպէտեւ ազգային գործերէ քաշված կ՚երեւի բայց ամեն թել իւր ձեռներուն մէջն է: Հասունեսւն մեծ կարեւորութիւն կուտայ իրեն եւ այս վերջին տարիներս քանի մը անգամ փորձեց, բարձր աշխարհականներու ձեռամբ, զինքը վաստըկիլ․ բայց Քազանճեան չմօտեցաւ, վասն զի վհատած չէ եւ դեռ կ՚աշխատի Հասունեանը տապալել եւ իրեն յաջորդել. եւ եթէ օր մը յաջողի իւր նպատակին հասնիլ ազգը սարկաւագ չպիտի տեսնէ, ամէնը վարդապետ, վարդապետ չպիտի տեսնէ բոլորը եպիսկոպոս եւ հատիկ հատիկ չէ այլ տասնեակներով:

Պէտք է գիտնալ որ Քազանճեան, որչափ ալ առանձնացած ըլլայ, շատացած չէ այն բարութիւններով՝ զորս ըրած է ազգին, այլ խոստացած է աւելի մեծ գործերով իւր անունն անմահացնել՝ եթէ յաջողի ձեռք անցունել չորս միլիոն անգղիական ոսկին զորս պիտի ընդունի Հնդկաստանէն: Հարիւր Քառասուն տարուան ժառանգական խնդիր մ՚է սա՝ որուն հոգի տուած են վանքին մէջ գտնըված հին նամակները: Անցեալ տարի Անգղիոյ դեսպանատան մէջ կազ