թիւն մը գործված էր՝ իսկոյն նոյն գեղին քէհեաներն ու քահանաներն կանչել կուտար:
—Ձեր գիւղին մէջ ոչխարներ գողցված են:
—Հրամմեր էր, Հայր սուրբ:
— Քիւրտերը գողցած են.
—Ծառայ եմ, Հայր սուրբ:
—Ինչո՞ւ ուշադրութիւն չէք ըներ եւ թող կուտաք որ խեղճ ժողովուրդը կողոպտվի:
-Ծառայ եմ, Հայր սուրբ, շուները չհաջեցին որ իմանայինք։
—Շուները ինչո՞ւ չպատժեցիք:
—Ծառայ եմ Հայր սուրբ:
—Սա Ֆալախան բերէք:
—Ծառայ ենք, Հայր սուրբ:
Եւ քանի մը քէհեաներ ու քահանայներ ֆալախային տակ երգել կուտայ: Պատրիարքարանը կ՛իմանայ եւ կը գրէ իրեն որ բարեկարգութիւնն առանց ֆալախայի ընէ. կը պատասխանէ թէ անկարելի է. վասնզի, կ՚ըսէ, այս մարդերն իրենց ոտներէն աւելի շուտ խօսք կը հասկնան քան թէ իբենց գլխէն:
Շատ իրաւացի է այս պատասխանը: Արիստիպպոս, զոր շուն արքունի կ՚անուանէր Անտիսթենէսի աշակերտներէն անառակագոյնը, իւր բարեկամներէն մէկուն համար երբ Դիոնեսիոսին կ՛աղաչէր եւ չէր յաջողեր՝ իւր խնդիրքը լսելի ընելու համար անոր ոտքերուն փարեցաւ: Ներկայ եղողներն երբ դիտողութիւն ըրին իրեն այս վարմունքին՝ յանցանքն իմս չէ, պատասխանեց, այլ Դիոնեսիոսին որուն ականջներն ոտներուն վրայ են:
Զարմանայի է տեսնելն որ այսօր ալ շատերուն ականջներն իրենց ոտներուն վրայ են: Այս ոտները համբոյր կ՚ընդունին եթէ հզօր են իսկ փայտ եթէ տկար են: Մանաւանդ վերջին տարիներս համբոյրներն հարուստներու եւ ազդեցութեան տէր անձերու հողաթափի տեղ կը ծառայեն,