Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/170

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խոհեմ գրութիւններէն շատ աւելի օգուտ կ՚ընեն․ եւ ասոր քաջ համոզված ըլլալուն համար է որ խրատելու տեղ կը նախատէ եւ շոյելու տեղ կը խածնէ: Քանի որ նպատակս սուրբ է, կ՚ըսէ Պ․ Արծրունին. միշտ իրաւունք կ'ունենամ հայերուն ծոյլ, շուն, գող, անառակ, լիրբ, աւանակ եւայլն ըսելու: Թէեւ այս լքզուն հակառակ է մամլոյ ազատութեան բայց համաձայն ըլլալով Հայրենեաց ազատութեան, կը հրաւիրենք մեր ազգայիններն չզայրանալ Պ․ Արծրունւոյ յանդիմանութիւներուն դէմ որքան ալ անմարսելի ըլլան անոնք, վասն զի առանց հայհոյութեան չիք փրկութիւն:

Զինքն անձամբ ճանաչելու պատիւն չունենալով՝ չենք կարող անոր կազմութեանը վրայ գաղափար մը տալ մեր ընթերցողներուն․ իսկ եթէ հաւատանք մեզի տրված ծանօթութիւններուն՝ կը պարտաւորինք ըսել թէ Պ. Արծրունւոյ կազմը նոյն ուղղութիւնն ունի ինչ ուղղութիւն որ ունի Մշակը, եւ անշուշտ փառք մը իրեն եթէ ոչ Մշակին մէջ գոնէ իւր անձին վրայ Եզոբոսն ներկայացնելը: Դարձեալ մեր քաղած տեղեկութիւներուն յենլով Պ․ Արծրունին պէտք է ունենայ այն դէմքը զոր կունենայ մարդ երբ սխալմամբ գաւաթ մը կազ խմէ: