Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/176

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

173 նապետութեան մէջ խօսք կուտայ միայն անոնց որոնք իւը կուսակցութենէն են, եւ այս եղանակով վրէժ կը լուծէ բո- լոր այն երեսփոխաններէն որոեք ժամանակաւ համարձա¬ կած են իրեն կարծեացը դէմ խօսելու:Քուէի կը դիմէ ա- ռանց սպասելու որ խնդիրը լուսաբանվի, եւ իրաւունք ալ ունի. քանի որ քուէն պիտի որոշէ ամեն բան ել քանի որ ձախակողմեան մը չզիջանիր հաւանութեան քուէ տալ ա- ջակողմհանի մը մէկ առաջարկութեան, ի՛նչ հարկ կը մնայ երկու ժամ շատախօսութիւն ընելու: Երեսփոխանութեան որչափ սիրահար ըլլալն ցոյց տալու համար բաւական կը համարինք հոս .իշել որ երբ երեսփոխանութենէն ելնել պէտք եղաւ' պարզապէս յսւյտնեց թէ' տեղէն չպիտի երե¬ րայ մինչեւ որ տեղն ուրիշ մը չգայ: Իսկ երբ տեսաւ որ ան- պատճառ ելնել հարկ է' բոլոր թաղերը պաըտելով, ոմանց ոտները համբուրելով, ոմանց վերարկուն սլագնելով յաջո- ղեցաւ նորէն երեսփոխան ընտրվել: Առաջուան պէս շատ չխօսիր հիմա. նախ' անոր համար որ ատենաբաններն բեմն երթալու են հոն խօսելու են եւ ինքն մէկ երկու ժամ ոտ¬ քի վրայ կայնել չուզեր. եթէ սովորութիւն ըլլար որ երես¬ փոխաններն պառկելով ատենաբանէին' բնաւ չէր լռեր. երկրորդ' անոր համար որ կարծիքներն հասունցնելու հա- մար այնքան պահած է զանոնք որ կէսը փտտեր է եւ. կէսը միայն կրնայ ուտվիլ, եւ ան ալ ծերերէն: 1872ին Վարչութեան քաղաքական ժողովոյ անդամ ե- ղաւ: Իրեն պաշտած Uահմանադրութեան ոգւոյն հակառակ ներքին կանոնադրութեամբ ել իւր կիրքովն մեծ դեր խաղաց Սամաթիան տակնուվրայ ընելով։Քաղաքական ժողովն որ տասնըչորս անդամներէ բաղկացած էր վեցի իջած էր որոնց մէջ կը գտնվէր նաեւ ինքն, եւ մահկանացներուս անծա- նօթ Սահմանադրութեամբ կը վարէր իւր պաշտօնը: Այս մարդն այնչափ անգթաբար տանջեց Սամաթիացիներն ո- րոնք իրենց վարժարաններուն այս մարդուն շնորհիւ փճա¬ նալը տեսնելով հատուցին իրենց համբերութիւնն, եւ օրի-