— Սիրահարի՞ դեր:
Ամէնն ալ կատարեց․ բայց կ'աղաչեմ մի՛ ընդմիջէք խօսքս:
1870ին թեւերը սօթտելով ազգային գործերուն մէջ մտաւ․․․ կառքով։ Քաղաքականութիւնն արդէն նպաստաւոր էր Հակահասունեան դատին․ — այն թուականին քաղաքականութիւնը Հակահասունեանները քաթոլիկ կը ճանաչէր, մինչդեռ հիմակուանը Հասունեանները քաթոլիք կ՚ընդունի — եւ Էնֆիյէճեան այս առիթէն օգուտ քաղելով կը քաջալերվէր եւ յսւնդգնութեամբ Բ․ Դռնէն կը պահանջէր ազգին իրաւունքներն զորս․․․ արդէն ունէր ազգը: Ճանչցուց զինքն բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնատարներու որոնցմէ ոմանք լաւ ընդունեցին զինքն եւ ոմանք ալ բնաւ չընդունեցին: Ամենաչնչին բաներու վրայ տեղեկութիւն առնելու համար Բ․ Դուռը կը վազէր եւ առանց քաշվելու Արտաքին Գործերու պաշտօնէին նստած սենեակը կը մտնէր հարցունելու համար թէ ժամը քանիի՞ն շոգենաւ կայ Ււսկիւտարի համար: Երբ Բ․ Դռնէն հրաման եղաւ որ եկեղեցիներն Հակահասունեանց յանձնըվին՝ ինքը ժողովրդեան գլուխը անցնելով գնաց տիրեց եկեղեցիներուն, զորս տարի մը առաջ նորէն ձեռք անցուց Հասունեան:
Այսպէս ազգային գործերուն ղեկավարութիւնն ստանձնեց — ես իր ղեկավարութեամբը Սամաթիայէն Քումքաբու նաւակով երթալու կը վախնամ — եւ իրեն պաշտպան գտաւ մէկ երկու ամիրաներ զորոնք այնպէս կը գործածէր ինչպէս կը գործածէ Խասգիւղ բանող շոգենաւի մը նաւապետը շոգենաւին սուլիչը․ չուանը քաշելուն պէս սուլիչը կը սուլէ: Այս ամիրաները չխորհեցան կամ, աւելի ճիշդը, պակաս խորհեցան Քիւբէլեանի պատրիարք ընտրելով: Ւնչո՞ւ ընտրեցին Քիւբէլեանը: Վասն զի թշնամի էր Հասունեանին մասնաւոր գործի մը համար ինչպէս է էնֆիյէճեանր: Այս թշնամութեան պատճառն վերնալուն պէս բնական էր որ թշնամութիւնը տեղի տար հաշտութեան, ինչպէս որ եղաւ։