Այս էջը սրբագրված է
—Կորսըված Էր անառակ որդիս եւ գտնըվեցաւ:
Հասակով երկար, կազմով բարեձեւ, դէմքով գեղեցիկ մարդ մ՚է էնֆիյէճեան: Երբ տեղ մը նստած տեսնես զինքն այնպիսի դէմք մը կ՚ունենայ որ կարծես թէ երկու օրէ ի վեր բերանը բան մը դրած չըլլալով' տեղէ մը ճաշի կը հրաւիրվի, սեղանը կր նստի եւ կերակուրի կ՚սպասէ: Իսկ անցուդարձը քիչ փողոցէ մը անցած ատենդ եթէ քովդ գտնվի տասնը եօթը տարեկան աղջիկդ՝ հւ էնֆիյէճեան յանկարծ դէմդ ելնէ՝ իւր ահարկու դէմքը հետեւեալը կ՚ազդէ քեզ. —Անդիի կողմը անցնինք աղջիկս, աս մարդուն աչերը չեմ հաւնիր ես: