Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/20

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

միտքը պարգեւաբաշխութեան հանդէսին վրայ էր: Ամեն կիրակի իրեն հասակակից աղջիկներ ու մանչեր տուն հրաւիրելով՝ աթոռներու վրայ կը բազմեցունէր. ինքն ալ սեղանի մը վրայ կ՚ելնէր․․․ ճերմակ ձեռնոցներով եւ կարճ բայց ազդու ատենաբանութեամբ աղջիկներուն երեսը կը նայէր․․․ դաստիարակութեան օգուտներն անոնց զգալ տալու համար:

Ամիրայութեան մեծ փափաք ունէր․ իւր կարճ բայց ազդու հասակովն ամիրայութեան բարձրանալ կ՛ուզէր, վասն զի ամեն բարօրութիւն հոն կը փնտռէր․ ուստի նախատինք կը համարէր տեսութիւն ընել այն ամեն մարդերու հետ որ ամիրայական արգանդէ մը ծնած չէին: Օր մը նպարավաճառի մը ղրկվեցաւ որ քիչ մը պանիր առնէ, բայց ինքն երբ տեսաւ որ նպարավաճառն ամիրա չէր, առանց պանիր առնելու ետ դարձաւ:

Երբ եօթը տարեկան եղաւ թաղին վարժարանը դրվեցաւ որ ուսում առնէ։ Այն ատենները վարժարաններու մէջ ամեն բան կը գտնվէր բաց ի ուսումէ․ որով Տիգրանիկն ալ ուսումէն զատ ուրիշ ինչ որ գտաւ առաւ թաղային վարժարանէն:

1850ին Բարիզ գնաց եւ վաճառականութեան դպրոցը մտաւ հոն: Մեծ յաջողակութիւն ցոյց տուաւ այն ուսման՝ զոր մենք վաճառականութիւն կ՚անուանենք եւ որուն Խաբէութիւն անունը կը կարդայ Վովընարկ: Քիչ ատենի մէջ կատարեալ սորվեցաւ մարդ խաբելու սկզբունքներն զորս պիտի գործադրէր վաճառականութեան մէջ: Սակայն բախտը որ եթէ չժպտիր ապուշներու երբեմն անոնց պաշտպան կը հանդիսանայ, ըսաւ Տիգրանին.

«Պարոն, եթէ զքեզ վաճառական ընեմ մահկանացուներուն գլխուն փորձանք մ՚ալ պիտի աւելցնեմ: Արդէն վաճառականները պատժել կ՚ուզէի, բայց անանկ պատիժ մը կ՚ուզէի որ խիստ ըլլար: Ուրախ եմ այսօր զքեզ գտնելուս վրայ. գնա ուրեմն դատաւոր անունով պատիժ եղիր այդ վաճառականներուն վրայ:»