Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/200

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

նացն արժանի են: Թերեւս շատերը հետաքրքիր ըլլան հասկնալ թէ ինչո՛ւ Լուսինեանէ, Հրաշագործէ եւ Հասունեանէ ետքը գրեցինք այս ծերունւոյն կեանքը: Դիտմամբ ետ թողուցինք ապացուցանելու համար թէ լոյսը խաւարէն ետքը կուգայ:

Հայր Պօղոս բարակ կազմով, ճերմակ մազերով եւ ճերմակ մօրուքով ծերունի մ’է: Հակառակ իւր ծերութեանը առանց յոգնելու օրը քանի մը անգամ Բէրայէն Բ. Դուռը կրնայ քալելով երթալ գալ, ինչպէս արդէն կուգայ Հակահասունեաններուն գործին համար: Իւր դէմքը գրաւիչ է եւ կը յիշեցունէ մեզ առաքեալին այն օրուան դէմքն ուր իւր վարդապետին կ՝ըսէր.

— Ամբողջ գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չկրցինք բռնել։