Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/202

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դասատուներ ստեղծած է բժիշկներու սորվեցնելու համար թէ մարդս քանի ժամ կրնայ անօթութեան դիմանալ: Այս ամենն աղէկ, կ՚ըսէք, բայց Ւփէքճեանն ի՞նչու Համար ստեղծած է: Անշուշտ շրջանակի մը մէջ անցունելով պատէն կախելո համար չէ։ Ինչու՞ ուրեմն ուրեմն եկած է աշխարհ: Մի՛ բարկանաք, բարեկամ, աշխարհ ըսածդ վարժ արան չէ որ մեր գործին չես գար ըսենք ու ճամբենք: Համբերեցէք, հարկաւ նպատակի մը համար եկած պիտի ըլլայ: Ի՞նչ է նպատակը: Քանի մը վայրկեան ճակատ շփելն բաւական է զմեզ համոզելու Համար որ Աստուած Խփէքճեանի կեանք տալով ուզած է հասկցունել մեզ որ դաստիարակութեան մասին մենք տակաւին շատ ետ մնացած ենք. եթէ այսպէս չըլլար` թող չէինք տար անշուշտ որ դաստիարակ մը աշխարհիս չորս կողմը պտըտիլ ստիպվի ապրելու Համար: Զափազանցութիւն չէ ըսածս, մտիկ ըրէ՛ք: Առանց ուրիշի խորհուրդ հարցնելու այս մարդն 1Տ43ին ելաւ աշխարհ եկաւ: Բարի եկաւ, հազար բարի, սակայն մարդս քաղաք մը, գեղ մը երթալ ուզած ժամանակն անգամ նախ ծանօթութիւն կը հաւաքէ եւ վերջ կ'երթայ, nւր մնաց աշխարեն որու վրայօք Հազիւ չորս հոգի կը գըտնվի նպաստաւոր տեղեկութիւն տուող: Իփէքճեան եթէ այն ժամանակի դաստիարակներէն խորհուրդ խնդրէր` շատ Հաւանական էր որ աշխարՀ գալու նպատակէն հրաժարէր: Վասն զի այն ատենները գիշեր մը քանի մը ամիրաներ իրենց փորն կշտացնելէն ետքը կ՚ուզեն իմանալ թէ Ենովք եւ Եղիա ի'նչպէս կ՚ապրին, ի՛նչ կ՚ուտեն երկինք: Ամիրային մէկը կ՚ըսէ թէ կարկանդակ կ՚ուտեն, միւսը այս կերակուրը հերքելով հնդկահաւ կ՚ուտեն կ՚ըսէ։ Վիճաբանութիւնը կը սաստկանայ հարկ կ՚ըլլայ գիշեր ատեն պատուելի մը կանչել եւ անոր կարծիքն առնել:Պատուելին կուգայ եւ երբ իր կարծիքը կը հարցվի` կը պատասխանէ.

—Չէք հարցուներ թէ` ձեր փողոցին մէջ նստող պատուելին ի՚նչպէս կ՚ապրի եւ կ՚ելնէք Ենովք եւ Եղիային ինչպէս ապրիլը կ՚ուզէք իմանալ: