Դ. Վարժարանն ամիսը հարիւր ոսկւոյ պէտք ունի եւ Հոգաբարձութիւնը կարող է, եթէ ուզէ, ժողովուրդէն հաւաքել այդ դրամը։
Ե. Եթէ այս առաջարկութիւններս կ'ընդունիք՝ լաւ, եթէ ոչ՝ մնաք բարեաւ»:
Այս տեսակ ծրագիրներով կը փափաքի Գերմանիայի վարժարաններու հաւասար ընել այն վարժարանն որ իւր տնօրինութեանը տակ առած է: Յայտնի է թէ այսպիսի ծրագիրներն որչափ ընդունելութիւն կը գտնեն անանկ ժողովուրդէ մը որ Տնօրէնի մը տրված ամսականը ծովը նետված ստակ կը համարի: Իփէքճեան չուզեր ծրագրին մէջ թիւն վերջաւորած խել մը ուսումներ եւ գիտութիւններ շարելէն ետքը զանոնք աշակերտներուն չսորվեցունել եւ, հետեւապէս, անոնց ծնողքը խաբած ըլլալ: Ամեն բան առաջուց կ՚իմացունէ որպէս զի ապագային մէջ պատասխանատուութեան տակ չմնայ: Նոյն իսկ պարգեւաբաշխութեան օրերն ալ՝ որք ծնողքներ խաբելու յատուկ օրեր են, բնաւ սուտ չխօսիր. յայտնապէս կ՚ըսէ թէ Թորոսը տկար է. Կիրակոսը ծոյլ է. մինչդեռ ժողովրդեան հաճելի ըլլալու համար պէտք է ըսել որ՝ փառք Աստուծոյ, վարժարանիս բոլոր աշակերտները յառաջադէմ են եւ կը յուսամ որ գալ տարի փիլիսոփաներու յորդ առատութիւն մը պիտի տեսնենք: Վարժարանի տնօրէնի մը համար քիչ մը ստախօսութիւն եւ քիչ մ՚ալ շողոքորթութիւն անհրաժեշտ պէտք է, եւ այն տնօրէնն որ այս երկու առաքինութիւններէ զուրկ է՝ անպատճառ օր մը հեռանալ պիտի ստիպուի այդ ասպարէզէն: Ասկից զատ՝ Իփէքճեան հոգաբարձու էֆէնտիներու հետ վարվելու եղանակն ալ չգիտեր․ Հոգաբարձու մը կ՚ուզէ որ Տնօրէնն իւր առջեւ բարեւ բռնէ, սիկարային կրակ բերէ, եթէ փողոցի մէջ հանդիպի հոգաբարձուի մը որ միս ի ձեռին կ՚երթայ՝ միսն ինք առնելու եւ տուն տանելու է: Այսպէս չվարվեցա՞ւ․․․ ալ ականջները հոգաբարձուներուն բերանին մօտեցունելու է
— Ի՞նչ ըսել է, էփէնտիմ, ան տիրացուին խօ՞սքը պիտի ըլլայ։