Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/210

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մէկ քանիները կ՚ստիպէ լռել, բնաւ ազդեցութիւն չկրնար ունենալ իւր վրայ. ամենէն hարուստին մէկ անքաղաքավարութիւնն անոր երեսը զարնելն չhրաժարիր մինչեւ անգամ չորս hազար ոսկիով աղջիկ մը տալ խոստանաս իրեն: Շատերը կը կարծեն թէ կիրքով կը խօսի․ ես կը հաւատամ որ կիրքով խորհի եւ պաղարեամբ կը խօսի:

Հրապարակի վրայ ունի զրութիւններ որոնք ողջամտութիւն կը բուրեն: Ոճը խոնարհ բնաւորութիւն մը չունի: Անգամ մը իրաւամբ յարձակեցաւ Մամբրէ եպիսկոպոսին դէմ որ պատասխանեց թէ կրօնաւորի դէմ յարձակելն կրօնի դէմ յարձակիլ է: -Աս ճշմարիտ է, եւ ասոր համար է որ երբ Մամբրէ եպիսկոպոս հարբուխ ըլլայ՝ կրօնքին ալ քիթը կը վազէ։—

Իփէքճեան էֆէնտին, ինչպէս տեսնվեցաւ կենսագրութեանս մէջ, աւելի գեղեցիկ քան տգեղ կողմեր ունի. սակայն իւր դէմքը գեղեցկութեան մասին միւս բոլոր յատկութիւնները կը գերազանցէ: Փողոցի մէջ այնպիսի սիգաճեմ քալուածք մ՚ունի որ մարդս կը վախնայ ետեւէն երթալու իրեն սպասաւորն չկարծվելու համար: