Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/240

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տաւորի մը հետ այնպէս վարվիլ ինչպէս կը վարվի կռանն երկաթի հետ. դաստիարակի մը հետ խօսիլն աւանակի մը վրայ հեծնելով Երուսաղէմ մտնել է իրենց համար. խմբագրի մը բարեւ տալն անոր պատուանշան տալու չափ արժէք ունի իրենց քովը:

Վսեմ Սարգիս պէյ Պալեան մինչեւ այսօր կը պահէ ճարտարապետութեան պաշտօնն, եւ ինչպէս Սուլթան Ազիզին նոյնպէս ալ Օգոստափառ Սուլթան Համիտին հաւատարմութեամբ ծառայելով Նորին վեհափառութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէ:

Նորին Վսեմութիւնը միջին հասակով, սեւ աչերով եւ ընքուիներով բարեկազմ ել գեղեցիկ անձ մ՝է: Այնպիսի դէմք մը ունի որ կարծես թէ եթէ Մուսայս իւր խօսքը պահէ եւ ես յաջոդիմ Երգիծանքներս աւարտել պիտի կրնամ անոր ւսնձին վրայ Մեկենասս գտնել: