Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/242

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներն անհերքելի փաստերով ցոյց տալէն ետքը կը մնայ ինձ երկու խօսք ալ ընել երկաթի վրայ որով կ՚զբաղի այն սւնձը որու կենսագրութիւնն կ'ընենք հոս:

Արդէն ամէնուս ծանօթ են այն ծառայութիւններն զորս այս մետաղը նուիրեց մարդկութեան, ինչպէս նաեւ աւելի ծանօթ են այն չարիքներն զորս հասուց աշխարհիս։ Դանակները, զէնքերը, թնդանօթները, մեքենաները, կամուրջները, զրահաւորները բամպակէ չեն, ամենն ալ իրենց գոյութիւնը երկաթին կը պարտաւորին։ Ժամանակաւ վարպետ օրէնսդիրին մէկն որ անշուշտ ոսկի չունէր եւ թերեւս փոխառութիւն ընելու համար կ՛ամչնար, առանց կարմրելու երկաթեայ դրամ կոխեց որպէսզի դիմացկուն ըլլայ եւ թղթեայ դրամին պէս քանի մը օրուան մէջ չպատռվի։ Պատմութիւնը չի յիշեր թէ այդ երկաթեայ դրամը ինչ ընդունելութիւն գտաւ, ո՛րչափ ատեն տեւեց եւ վերջէն ի՚նչպէս վերցվեցաւ հրապարակէն:

Այս մետաղն մեր ազգէն շնորհակալութիւն սպասելու բնաւ իրաւունք չունի, վասն զի մեզի հետ աղէկ վարվան չէ, իւր օգուտներն ուրիշներուն տուած է եւ վնասները մեզի, եւ եթէ քանի մը վաճառականներ չյարուցանէր մեր մէջր իւր անունն մեր բերանին մէջ գործ չէր ունենար:

Ընթերցոդն, այս տողերը կարդալէն ետքը, կը փափաքի գիտնալ թէ այս մետաղն ի՛նչ ազդեցութիւն ըրած է Մկրտիչ էֆէնտի էսաեանի վրայ, թէ Մկրտիչ էֆէնտիի միտքը երկաթի պէս հաստա՛տ է, թէ զրահաւորէ չվնասուիր։ Հասարակութիւնը շատ իրաւունք ունի այս հարցումն ընելու. վասն զի քանի մը անգամներ իւր աչերովը տեսաւ եւ ոչ թէ ուրիշներուն աչերովը, երկաթեայ կամուրջին զրահաւորէ վնասվիլը: Հասարակութիւնն հետաքրքիր է նաեւ հասկնալու թէ մէկն այս անձին կարծիքները կրակին մէջ տաքցունելէն եւ ծեծելէն ետքը կարո'ղ է թէ չէ անոնց իր ուզած ձեւը տալ: Այս հարցումներուն կանոնաւոր կերպով պատասխա-