Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/250

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ԲԱՐՈՒՆԱԿ ՄԱՆՈՒէԼ ԻՒԹԻՒՃԵԱՆ

Բժիշկ, Ատենապետ-Հիմնադիր Խնայողական Ընկերութեան, Խմբագիր-ընթերցող Կիլիկիա հանդէսին, ծնաւ ըստ ոմանց 1830ին եւ ըստ ոմանց 1831ին:

Տնտեսագիտութեան եւ խնայողականութեան մեծ յարմարութիւն ունենալով՝ այն եօթն ամիսները՝ զորոնք մօրն արգանդին մէջ անցուց Ֆրանքլինը կարդալով զբաղեցաւ եւ տնտեսագիտութեան ուսումն աւարտեց հոն, քննութիւն տուաւ, վկայականն առաւ եւ դպրոցէն դուրս ելնել ուզեց,երբ ազդարարեցին իրեն թէ դեռ երկու ամիս սպասել պէտք էր: Բարունակ մտիկ չըրաւ, բժիշկ ըլլալով՝ իր ծնունդը դիւրացուց եւ ճիշդ եօթն ամիսէն աշխարհ եկաւ Ֆրանքլինի գիրքն ի ձեռին:

Աշխարհ եկած չեկած, իր ծննդեան մէջ ունեցած պա


Նախորդ կենսագրականով կ՚աւարտին Ազգային Ջոջերը, զորս Պարոնեան հրատարակած է 1874—75ի իր Թատրոնին, յետոյ Լոյս թերթին մէջ եւ վերջապէս գիրքի ձեւով հրատարակած է զանազան յաւելումներով: Բայց ասոնցմէ զատ Թատրոնի այդ շրջանին մէջ հրատարակած է նաեւ հետեւեալ ութը կտոր կենսագրականներն ալ, զորս յետոյ, ո՛վ գիտէ ինչ նկատումներով, չէ առած Ջոջերերուն գիրքի ձեւով իր ըրած հրատարակութեան մէջ:

Բայց մենք, իբրեւ հրատարակիչները իր բոլոր երկերուն, անհրաժեշտ էր որ առնէինք ատոնք Ազգային Ջոջերու այս ամբողջական հրատարակութեանը մէջ, քանի որ մեր նպատակը ամբողջ Պարոնեանը տալ է մեր հասարակութեան:

Եւ յետոյ մանաւանդ այս կենսագրականներն ալ այնչափ լեցուն են Պարոնեանը յատկանշող սրամտութիւններով որ ոեւէ կերպով վար չեն մնար միւս Ջոջերէն: Հետեւաբար մեր սկսած գործը լիովին կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ է որ կ՚աւելցնենք այս կենսագրականները: