Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/262

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

բան կը կտրվի: Դերասաններն կառավարելու մէջ այնքան սիրտ հալեցուցած է ու դեռ կը մաշեցունէ որ, քովը երթալուդ պէս մազերը փեթտելով կուլայ, ու, ա՛լ լմնցայ, ա՛լ չեմ կարող ապրիլ, բայց, թատրոնը երեսի վրայ չձգելու համար ակռաներս սխմած եմ կ՚ըսէ: Չափազանց կասկածոտ է, երկու հոգի խօսակցութեան մէջ տեսնելուն պէս՝ իր չճանչցած մարդիկ ալ ըլլան նէ՝ մէջքը ծռելով՝ ձեռքերը շփելով քովերնին կ՚երթայ, ու «Աղբարներս, թատրոնն իմս չէ, Ազգինն է, ինչո՞ւ կ՚աշխատիք զայն կործանել» կ՚ըսէ: Ասոնց հետ մէկտեղ այսօրուան օրս իրեն արժանավայել հանգստութեամբ կեանք կ՚անցունէ, ոտքով չքալեր, միշտ կառքով կ՚երթայ կուգայ. թէ որ տունը երթաս՝ եւ քիչ մը անդիի սենեակը երթանք ըսես՝ սըկէ կառք մը ապսպրեցէ՛ք կ’ըսէ: Զրոյց կը պտտի որ մօտերս ՀԱՅԿ պիտի խաղայ եղեր կառքի մը մէջ նստած: Վեհանձնութիւնը կը սիրէ, բայց չգործածեր, որովհետեւ կը դպչի իրեն. ինչպէս որ շատերն օղին կը սիրեն ու չեն կրնար գործածել: Իր թատրոնին մէջ այսօր 100ի մօտ ընտանիք կ՚ապրին. — հաւանական է որ թատրոնն իբր զատ թաղ նկատվելով՝ Պատրիարքարանէն հրահանգ ղրկվի որ թաղական խորհուրդ մը ընտրեն—անոնց օրհնութիւնները կ՚առնէ, ուրիշներէն առած անէծքներուն դիմացը գրելով՝ վերջին դատաստանին ներկայացվելիք հաշիւներն ալ հիմակուընէ կը հաւասարակշռէ:

Վարդովեան Էֆէնտին հասակով բարձր, կազմով միջին, գոյնով դեղին, դէմքով երկար, մօրուքով կարճ, ուղեղով փոքր մարդ մ՚է: Դէմքէն չարութիւն մը չերեւար, բարութիւն ալ չգուշակվիր, վերջապէս մարդ է, պարագայներուն համեմատ բարի կամ չար: Աստուած չար պարագաներէն ազատ պահեսցէ:

Վարդովեան էֆէնտին ամեն բանէն կ՚ուզէ իրեն շահ հանել. եթէ իրեն «բարի լոյս» ըսես՝ ասիկայ շատ աղուոր նիւթ մ՚է, ասիկայ կատակերգութիւն մը շինէ տէ խաղանք կ՚ըսէ: