Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/265

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

սելու համար սրտին մէջ կիրք չկայ, ձայնին մէջ կայ, սիրտն իւր ձայնին հետ հակասութեան մէջ է, ինչպէս Երեսփոխանական ժողովին մէջ տարի մը առաջ խօսածներն տարի մը ետքը խօսածներուն հետ: Քիչ խօսելու դրութիւնն ընդունած չէր եւ չէ, Երեսփոխանական ժողովին մէջ օր մը օրանց ուրիշ ատենաբանի մը կարծիքին համամիտ ըլլալն յայտնելու համար կը կրկնեմ ըսած չէ, ինչու որ պզտիկ բառ մ՚է. ասոր հակառակ ուրիշի մը կարծիքին համամիտ ըլլալն հասկցնելու համար կրկնեմ բայն ամբողջ կը խոնարհէ, կրկնեմ բային ո՛ր բային վրայ խոնարհիլը կը բացատրէ, բայերուն գործածութեան եղանակներն մի ըստ միոջէ կը պատմէ, բայերուն ի՛նչ զօրութիւն ունենալուն վրայ երկարօրէն կը ճառէ, առանց բայի խնդրոց չլուծվիլն կը փաստաբանէ եւ վերջապէս բայն քուէի դնել առաջարկելով խօսքը կը վերջացունէ:

Պէկեան էֆէնտին երբ Ռուսինեան էֆէնտիին յօրինած կանոնագրութեան մէջ կարդաց այն յօդուածն որ երեսփոխաններն չափով պիտի խօսին կ՚ըսէր, այդ յօդուածին իրեն ակնարկութիւն ըլլալն հասկնալով աճապարանօք սենեակը վազեց ու հրաժարականը գրեց:

Պէկեան էֆէնտին բարձր հասակով, թուխ գոյնով, աղու աչքերով վայելուչ երիտասարդ մ՚է, եւ քանի մը տարիներէ ի վեր այն դէմքն ունի, ինչ դէմք որ կ՛ունենայ երիտասարդ մը երբ քանի մը տեղերէ աղջիկ ուզէ ու չտան: