Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/271

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

268 Եփրատ անունով բանաստեղծական հանդէս մը հրատարակելու արտօնութիւն առաւ,որուն մէջ քանի մը ոտանաւորներ հրատարակելէն ետքը սկսաւ ոտանաւոր գրել նաեւ ազգային յօդուածներն,որոնք քիչերուն հասկնալի ըլլալնուն պատճառաւ,շատերէն չէին կարդացվէր։ Սիմոնիկն ստիպվեցաւ դադրեցունել իւր հանդէսը․քանի մը ամիսէն վերհրատարակել սկսաւ,նորէն դադրեցուց,դարձեալ հրատարակեց,կը ցաւինք որ համրիչ չունէինք որպէս զի քանի անգամ հրատարակվիլն ու դադրիլն ճիշդ գիտանյինք։Վերջերը Եփրատը ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ այս տողերը գրողին խմբագրութեանն ալ հրատարակվեցաւ, բայց վերջապէս օր մը առանց հրամանի հրատարակված ըլլալուն համար իսպառ խափանեցաւ։Այս խափանման վրայ Ֆէլէկեան Էփէնտին ոտանաւոր գրելով շատացաւ։Քիչ մը ժամանակ անցնելէն ետքը քանի մը դասատուներու հետ միանալով Իւսկիւտար Սէլամսըզ վարժարան մը բացաւ,ուր երկու սեռէ ալ աշակերտներ պիտի ընդունէր եթէ երթային։Ժամանակը թող չտուաւ որ աշակերտ ընդունէր,որով վարժարանին դռները քաշեց,գոցեց,ինքն ալ դուրս ելաւ։Երկու տարի անցաւ չանցաւ,չորս աշակերտ գտաւ ու գիշերօթիկ մեծ վարժարան մը բացաւ Իճատիյէյի եւ Գոիզկունճունքի մէջտեղը։Քանի մը ամիսէն օդափոխութեան համար այս վարժարանն գատըգիւղ փոխադրեց,ասկից նորէն Իւսկիւտար փոխադրելու միջոց կը խորհի կոր բայց չկընար կոր գտնալ։Այսպէս ուրեմն բախտը թող չտուաւ որ Ֆէլէկեանը խնդայ․օր մը չըլլար որ դժբախտութիւն մը չհանդիպի․օր մը Գումգաբու երթալու տեղ սխալմամբ Ֆէրիգեղ կ՝երթայօր մը իրիկուան դէմ,հէլվաճիէն հարիւր տրամ հելվար առնելու կ՝երթայ ու հէլվային տեղ հէլվաճիին լապտերը կ՝առնէ տուն կը դառանյ․օր մը փողոցէն գացած միջոցին կոյրի մը կը զարնվի կ՝իյնայ ոտքը կը ցաւցնէ, որովհետեւ գիշերները մտատանջութենէն չկընալով քնանալ ցերեկները քալած ատենը կը քնանայ։