ՄԿՐՏԻՋ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ
Սուրբ Գիրքէն գիտենք որ Փարաւոն երբ Աստուծոյ առաջարկութիւնը մերժեց, Աստուած սկսաւ Եգիպտացիներուն իրարու ետեւէ պատիժներ ղրկել որոնց թիւը տասնի յանգեցաւ: Փարաւոն մինչեւ իններորդ պատիժը յամառութեամբ դէմ կեցաւ. եւ տասներորդին առջեւ ալ կը վարանէր հնազանդութիւն յայտնել՝ երբ Մովսէս եւ Ահարոն իրեն յայտնեցին թէ՝ եթէ նորէն համառիս՝ իբրեւ մետասաներորդ պատիժ Մկրտիչ Տիգրանեանը պիտի ղրկէ Աստուած: Փարաւոն այս յայտնութենէն սոսկալով՝ Մովսէսն ու Ահարոնը անմիջապէս կանչել տուաւ, արտօնեց զիրենք որ ելնեն երթան իրենց ունեցածն ալ մէկտեղ տանելով: Փարաւոնին հնազանդութեանը վրայ Աստուած ստիպվեցաւ քովը պահել Տիգրանեանը: 1815 թուականին երբ տեսաւ Աստուած որ մեր կրած տառապանքներէն չխրատվելով՝ անարժաններն վարդապետ, քահանայ կը ձեռնադրենք եւ ազգին իրաւունքներն անոնց ձեռքը կը յանձնենք, բարկացաւ եւ Մկրտիչ Տիգրանեանը պատիժներուն նահագահը, ղրկեց որ խրատվինք. թէպէտ եւ մենք այս պատիժն ալ առ ոչինչ գրելով շարունակեցինք եւ կը շարունակենք մեր ընթացքը:
Մկրտիչ եպիսկոպոսին աշխարհ գալուն բուն պատճառն մեր ընթերցողներուն յայտնելէ ետքը, պարտք կը սեպենք անոր քանի մը մականուններն հոս յիշել որպէս զի ուրիշ Մկրտիչներու հետ չշփոթեն իւր անունը:
Մկրտիչ եպիսկոպոս Տիգրանեան Պոլսեցիներէն կ'անուանվի հրաշագործ. Հայաստանի մէջ քիւրտերէն կը յորջորջըվի շամմաս հուլուպ որ կը թագմանվի ապուրի վարդապետ. լուսահոգի Յակոբ Պատրիարքէն կը կոչուէր եօթն փոր-