Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/75

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մանեանի մայրը: Հոն երբ կ՚սկսի պատմել իւր ըրած մեծագործութիւնները, եւ ահա ձայն մը կը լսվի որ կ՚ըսէր. Դուրս վռնտեցէք այս մարդը: Ամենքը շուարած իրարու երես կը նային: Նորէն ձայն: Նորէն շուարում: Երրորդ անդամ լսելի կ՚ըլլայ ձայնն: Այս անգամ ուշադրութիւն ըրած ըլլալով՝ կը հասկնան որ ձայնը Շիշմանեանի մօրը նստած կողմէն կուգար եւ կը վճռեն թէ այդ տիկինը որովայնախօս է: Հարկ չէ կարծեմ հերքել այդ վճիռը. ամենքդ ալ գուշակեցիք արդէն որ տիկինը որովայնախօս չէր այլ Յովսէփ Շիշմանեանն էր որ Քոլէճեաններուն ըրածները լսելով սաստիկ յուզված էր: Եւ ահա այն գիշերն աշխարհ կուգայ Յովսէփ եօթն ամիս մօրն արգանդին մէջ մնալէն ետքը: Եթէ այս դէպքը չպատահէր՝ հաւանական էր որ տասնեւութ ամիսէն ծնէր, վասն զի ամեն զինքը ճանչցողները դիտեն արդէն թէ որչափ ծանր կը քայլէ... իւր յօդուածներուն մէջ․ կամ բնաւ չէր գար աշխարհ եթէ Հասունեանի մը աշխարհ եկած ըլլալն առաջուց գիտնար, վասն զի շատ անգամ յայտարարած է թէ՝ Հասունեանի գտնված տեղը ես գործ չունիմ:

Կարծես Հռովմայ եկեղեցին բարեկարգելու պաշտօնով ղրկված էր աշխարհ ինչպէս Պէյքըր բաշան Հայաստան ղրկվեցաւ Հայաստանի Քիւրտերն ի կարգ հրաւիրելու համար․ վասն զի լոյս տեսնելուն պէս սկսաւ հարուածել իւր կրօնքը։ Մայրն երբ կը տեսնէր որ զաւակն այնչափ հակակրութիւն կը սնուցանէր կրօնքին դէմ, օրհնեալ ջուրով արօրօդ կ՚եփէր եւ կը կերցունէր իրեն։ Ջո՜ւր ջանք: Երբոր չորս տարեկան եղաւ թաղին բոլոր տղայները ժողովելով անոնցմէ բանակ մը կազմեց Հռովմայ գահը տապալելու համար:

1835ին Վենետիկի վանքը ղրկվեցաւ որ վարդապետ ըլլայ: Յովսէփ ձայն չհանեց եւ պէտք եղած ուսումն ու գիտութիւնն առնելէն ետքը՝ յայտնեց թէ վարդապետութեան յարմարութիւն չունէր, թէ աշխարհական մնալ հարկ էր իրեն որպէս զի դիւրաւ կարենար իւր եղբայրներն ազատել Վատիկանու... Փարաւոնէն: