ԱԶԳԱՅԻՆ ՋՈՋԵՐ
ԽՈՐԷՆ ԳԱԼՖԱԵԱՆ
Խորէն եպիսկոպոս, աստուածաբան, կատակերգակ, ազգային երեսփոխան, բանաստեղծ, 1861ին Գալֆայեան, 1870ին Նար-Պէյ, 1879ին Լուսինեան-մինչեւ նոր տնօրէնութիւն ծնաւ Կ. Պօլիս Սամաթիոյ թաղին մէջ 1841 թուականին: Ծնած գիշերը երեք տեղ հրդեհ պատահեցաւ. Արնավուտ-գեղ, Ախըր գաբու եւ Գասըմբաշա:
Խորէն չուշացաւ յայտնել թէ իւր ծնունդովն բանաստեղծ մ’ալ աւելցաւ ազգին եւ ոչ թէ փորձանք, ինչպէս կը գուշակէին քանի մը հեռատես մարդեր. վասն զի երբ մանկաբարձն անոր ոտներուն վրայ դիտողութիւն կ'ընէր, տասնեվեցոտեան ոտանաւորներն միշտ այսպէս կը վերջանան պատասխանեց երախայ բանաստեղծն որ ազգային քերթող պիտի յորջորջվէր օր մը մեր ազգային համբակ ․․․ սափրիչներէն: Ութ օր վերջը կատարուեցաւ իւր մկրտութեան հանդէսը: Կնքահայրն Ամբակում դրաւ անոր անունը, սակայն երախան տուն երթալուն պէս փոխեց զայն ու խորէն դրաւ:
Նախազգացմամբ գուշակեց կարծես, թէ ձեռք պիտի քաշէր օր մը այս աշխարհիս վաղանցուկ հաճոյքներէն, թէ իւր կեանքն Աստուծոյ ծառայութեան նուիրելով մեծ քաղցրութիւն պիտի զգար, ուստի օր մր աչերն վեր առնելով կնկան մը երես չէր նայեր... բազմութեան մէջ. փութանք աւելցնել թէ մէկէ մը տեսնըվելու կասկած կամ երկիւղ չունեցած ատենն ալ չէր նայեր կիներու... եթէ ծեր ըլլային. եւ, հետեւապէս, կուսակրօն ըլլալու համար ամէն տրամադ-