Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/94

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Արիստոտէլի պէս հնարք մը գտած էր . այնչափ նեղ մահճակալի մը վրայ կը պառկէր որ դառնալուն պէս գետին կ'իյնար եւ կ՚արթննար, բայց ետքէն հարկ չմնաց նեղ անկողինի մէջ պառկելու, երկու հոգոյ անկողինի մէջ կը քնանար բայց գիշերը քանի մը անգամ կ՝արթննար. վասն զի հացագործն, նպարավաճառը եւ մսավաճառն կուգային կ՚արթնցնէին զինքը իրենց առնելիքները պահանջելու համար: Փանոսեան անուամբ վարժարան մ՚ալ բացաւ որ մէկ տարուան մէջ քառասուն անգամ տեղաւիոխեց: Այս վարժարանը չկրցաւ յարատեւել վասն զի խաւարեալ, տգէտ եւ բարբարոս ժողովուրդն արական աշակերտներուն ձայնէն չէր ուզեր զգածվիլ, ուստի երկու տարուան մէջ գոցվեցաւ Փանոսեան վարժարանը քսանի չափ աշակերտ հանելէն ետքը: Փանոսեան պզտիկ մարդ չէ եւ ազգային ջոջերու մէջ աթոռ ունենալու իրաւունք ունի: Մեծ բարեկարգիչ մ՚է եւ եթէ Պօլսոյ Թաղապետութիւնն այսօր իրեն յանձնվի ամեն փողոցներու մէջ մէյմէկ սքսւնչելի ճեմիշ կը կառուցանէ եւ փողոցին մէջ միզողներու վրայ տուրք մը սահմանելով կառավարութեան դրամական տագնապին առաջքը կ'առնէ: Իւր բառարանին մէջ վհատութիւնչ կայ։ Յանդուգն ձեռնարկու մ՚է, քսակին մէջ առւսնց դրամ մ'ունենալու օդի մէջ շոգեկառք բանեցնելու արտօնութիւնը սիրով կ’ընդունի եթէ իրեն առաջարկվի: Յօգնութիւն բնաւ չգիտեր, շաբաթ մը շարունակ կարող է քալել. լեզուն այս մասին ծունկերէն աւելի յառաջադէմ է: Սովորութիւն ունի փողոցէն վազելով երթալ, այնպէս որ հետը ծանօթութիւն չունեցողները կը կարծեն թէ պարտատէրն ետեւէն կուգայ: Իւր քանի մը պաշտօնակիցներէն շատ աւելի վեհանձն է. արժանապատւութիւնը միշտ կը պահէ ծոցը եւ տունէ տան չպտտիր բաժանորդ գտնելու համար: Փոխառութենէ բնաւ չվախնար եւ երբ անկարող գտնվի իւր պարտքը վճարելու` բնաւ չկարմրիր. կարմրիլը, կ՚ըսէ, նախապաշարում մ՚է զոր