Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/96

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հարութիւն Հեթում Մէրեմ-Գուլի, հաշուագէտ, ազգային երեսփոխա։ն, ծնած է, Խասգիւղ, 1840 թուականին։ Լսած ըլլալով այն առածն որ կ'ըսէ թէ կամաց քալողը չհոգնիր, բնավ քալել չէր ուզեր բնաւ չհոգնելու համար։

Երեք տարեկան եղած էր եւ դեռ ելնելու կայնելու ջանք մը ըրած չէր: Հայրն ու մայրը կը յորդորէին զինքն որ ելնէ քալէ եւ շատ անգամ, անոր բարի նախանձը գրգռելու համար, կ՚ըսէին իրեն. — Հարութի՛ ւն, տե՛ս, ընկերներդ ի՚նչպէս կը քալեն: —Քալողն ես եմ, բայց ձեզի այնպէս կը թուի թէ անոնք կը քալեն, կը պատասխանէր Ցարութ իւնը: Ծնողքն իրենց զաւակին բռնած այս ընթացքին վրայ քալելով հնարք մը կը խորհէին որով կարելի ըլլար զինքը քալեցունել: Աւետարան, խաչահանգիստ, բժիշկ կարող չե¬ ղան ոտք հանել այս տղան որ սենեակին մէկ անկիւնը նըստած կը խորհէր: Բայց դիպուածն` որ շատ անգամ մեծ հիւանդութիւններ բուժած է, այնպէս ուզեց որ այս տղուն հայրը ստիպվի սենեակին մէջ ստակ համրել: Ա՛րդ, երբ հայրն առաւօտ մը քսակը գրպանէն հանելով ոսկիները կը համրէր անզգուշութեամբ անոնցմէ հատ մը ձգեց գետինը: Յարութիւն ոսկիին գետինը իյնալը տեսնելուն պէս նստած տեղէն մէկէն ի մէկ կանգնեցաւ: Հրաշք գոչեց հայրն եւ ոսկի մ՚ալ նետեց գետինը։ Երկրորդ ոսկին տեսնելուն պէս քայլ մ՚առաւ տղան: Երկու ոսկի նորէն նետեց հայրը, երկու քայլ նորէն առաւ տղան: Չորս ոսկի ալ . չորս քայլ ալ: Հայրը քսակը նետեց սենեակին մէջտեղը եւ Հարութիւն