Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/99

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

դրած ըլլալով իրեն, մինչեւ որ փառքին մէջ օգուտ եւ մեծութեան մէջ իրականութիւն չտեսնէ՝ ետեւէն չերթար: Պզտիկ հասակէն ի վեր մէկ ոտքը սանդուխին առաջին աստիճանին վրայ լաւ մը կոխած ըլլալուն չհամոզված՝ միւս ոտքը երկրորդ աստիճանին վրայ կոխած չէ եւ մինչեւ այսօր եթէ Ղալաթիոյ կամուրջէն անցնիլ հարկ ըլլայ իրեն՝ նախ եւ առաջ երկու ճարտարապետ կր բերէ եւ անոնց քննել կուտայ կամուրջն, անոր հաստատութեանը կը համոզվի եւ ետքը տասը բարա կուտայ եւ վրայէն կ’անցնի:

1860ին ազգային գործերուն մէջ նետվեցաւ: Սահմանադրութիւն հաստատված ժամանակ Արիք Հայկազունք երգեցողներուն ետեւէն կ՚երթար եւ կը պաշտպանէր ժողովրդականութիւնն որ մինչեւ այն ատեն պարզ ծունկի կապ մ'էր եւ զոր Սահմանադրութիւնը վերցնելով պատուանշաններու կարգը բարձրացուց. այն թուականէն ի վեր է որ ազգին մեծերը ուրիշին չեն տար այդ պատուանշանը:

Ազգին մէջ դաստիարակութիւն մտցունել աշխատողներուն միանալով աժանացաւ հիմնադիրներէն մին ըլլալու այն շէնքին որ նախ Արեւելեան Թատրոն, ետքը Թատրոն Ձիերու, քիչ մը ետքը Գաղղիական Թատրոն, քանի մը տարի ետքը Ալքազար կոչվելով տասը տարուան մէջ չորս անուն փոխեց Գեր. Խորէն Գալֆայեանի պէս: Որչափ ատեն որ ընկերութեան մէջ մնաց՝ թատրոնը կանոնաւորութեամբ շարունակեց իւր ներկայացումներն՝ զորս իր ներկայութեամբը կը քաջալերէր Ժողովուրդն եւ իրենց րացակայութեամբը կը ծափահարէին մեր հարուստներէն շատերը: Իսկ երբ գիշեր մը դերասաններէն մէկը վարագոյրէն դուրս ելնելով յայտարարեց թէ՝ «չկրնար նոյն գիշեր իւր դերը կատարել եթէ իւր ամսականը անմիջապէս չվճարվի» Յարութիւն էֆէնտին հիմնադիրներուն մէջ չէր, այլ Բերայի վարժարանին մէջ որուն Տնօրէնութիւնը յանձն առած էր: Այն ատեն փորձով հաստատեց որ ինքն պայքարէ չվախնար բայց վտանգը նախատեսելուն պէս անձն ու պատիւը մէկտեղ