չունէին, այլ նոցա տուն շարժական մի վրան էր, այսօր այստեղ, վազե ուրիշ տեղ։ Եւ դեռ այսօր Արաբական ցեղեր նոյն կեանքով կապրին։ ՄեղմԷ շատ հեռու չէ, հարոսային կողմն կան շատ վրանաբնակ ցեղեր, որ ազգաւ քիւրդ են եւ կէօչար կրսուին, որոց ձմերան բնակութեան տեղեր Նինուէի եւ Բաբիլոնի սահմանին ընդարձակ ջերմին դաշտերն են, ուր ոչ այնքան ձիւն կը տեղայ եւ ոչ սաստիկ ձմեռ կը լինի։ Երենք վրանին տակ կը բնակեն եւ իրենց անասուններ միշտ բացօթեայ կարածեն:
Իսկ ամառն երբ ջերմութիւն կը զայրանայ, այդ բոլոր վրանաբնակ ցեղեր, իրենց ոչխարներու բազմաթիւ հոտերով կը չուեն դէպ ի հիւսիսակողմ Կորդուաց եւ Տաւրոսի հովասուն լեռնաշղթաներ, ուր շատ աղբիւրներ եւ անբաւ արօտավայրեր կան։ Երեք չորս ամիս այդ լեռնասուն եւ ազատ կեանքը վայելելով, յաշնան վերջ դարձեալ կը չուեն դէպ հարաւ ջերմագոյն խորադաշտեր: Սորա համար այդ վրանաբնակ աստանդական ցեղերն բազմաթիւ ոչխարաց հօտեր եւ այլ անասնոց ջոլիրներ ունին, որոց համար ոչինչ հոգածութեան պէտք չկայ, ոչ ախոռ, ոչ գոմ, եւ ոչ ձմերան դարմանի պատրաստութիւն, հետեւելով միայն տաւարաբուծութեան, այս մասին գիւղական ժողովուրդէն աւելի կը հարստանան։ Եւ միանգամայն կը վայելեն բնական կեանքի ամենաքաղցր անդորրութիւն։
Հետաքրքիր կը լինի՞ս, Թոռնիկ, թէ նախադարերու մարդիկ տուն բնակարան շինել եւ նորա մէջ բնակել, ձմեռը ցուրտէն եւ ամառ արեւու տաքութենէն պատսպարուել ուստի՞ ուսան կամ օրինակ առին։
Կասեն թէ մարդիկ թռչուներէն եւ անասուններէն սորվեցան տուն շինելու արուեստ եւ ճարտարապետութիւն, տեսան որ թռչուններ ծառերու վրայ բոյն կը դնեն, ծիծառն իւր կաւակերտ բոյն կը շինէ տան հեծանի կողի վերայ, արծիւ որ բարձր սարեր կը սիրէ, իւր որջն ունի. եւ կոյր խլուրդ, որ գետնի տակ իւր բոյն շինելով դուրս տուած հողը բլուրիկ մի կը ձեւացնէ, հապա մրջիւն, այն նախահոգ չքոտի կենդանին, որ ոչ միայն տուն, այլեւ համբարանոց կը շինէ իւր բունիկին կից, ուր կը ժողվէ ձմերան պաշար։ Իսկ զարմանագործ մեղուն ինչպէս համաչափ բջիջներ կը տողէ մոմի հիւթով, չգիտենք իւր համար բոյն, թէ մեղրատուն կը շինէ, այնչափ խնամով, առ