Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/122

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ժողովուրդ, որ ամենամեծ մասով տգէտ եւ անուս է, դառն ու տաժանելի կերպով իւր օրական պարէն կը հայթայթէ, տառապանօք եւ նեղութեամբ կուտէ իւր հաց. բայց երբէք կարելի չէ, որ նա գոնէ փոքր ի շատէ բարեկեցիկ կեանք ունենալ, գիտնայ իւր կեանքի տնտեսութիւն, տուն եւ ընտանիք կարգով կանոնով կառավարել. գիտնալ աշխարհի բաներ, մարդոց կենցաղավարութեան պայմաններ, գիտնալ տիրապէս լաւն ու վատ. բարին ու չար, առաքինութիւն եւ մոլութիւն: Գիտնալ ստուգապէս, որոշել ճշմարտութիւնն եւ ստութիւն, արդարութիւն եւ անիրաւութիւն, պատիւ եւ անարգանք։ Եւ որ մեծն է գիտնալ նա եւ իւր պաշտած քրիստոնէական կրօն, Ս. Գրոց եւ Աւետարանի գերագոյն պատուէրներ, թէ ի՞նչ են քրիստոնէի պարտիքներ թե՛ առ Աստուած, թէ՛ առ ընկերս եւ թէ առ ընտանիս, առ եկեղեցին, առ ազգն, առ տէրութիւն։

Ահա այս ամէն ամենակարեւոր հմտութիւններ դպրոցի կրթարան կուսուցանէ մեզ։ Ուստի գիւղական ժողովոլրդի արդի վիճակ փոխելու համար՝ առաջին ու հիմնական պայմանն դպրոց եւ կրթութիւն է։ Ասա դու, Թոռնիկ, կրթարան հաստատելու համար մարդ պէտք է, եւ մարդոյն հետ դրամ. ո՞ւր մարդ, ո՞ւր դրամ եւ ո՞ւր կրթիչ մանկավարժ, եւ կալո՞յ թէ ի հնձանէ։ Արդէն գիւղական ժողովրդի վիճակ յայտնի է. նա միտք չունի, որ մտածէ եւ ոչ իսկ կրթութիւն բառ կարող է հասկանալ, եթէ ասես թող քաղաքացին օգնէ, զի գիւղական ժողովրդի շնորհիւ կը լինի իւր ամէն առեւտուր եւ շահ։ Այո, քաղաքացին ոչ թէ նիւթապէս կարող չէ ձեռն տալ, օգնել մշակ ժողովրդի կրթութեան, այլ բարոյապէս եւս նորա ոգին ցուրտ եւ անտարբեր է նոյն իսկ իւր զաւակներու կրթութեան համար։ Ահա օրինակ մեզ մօտ է անուանի Վան քաղաք, հարցուր թէ Վանեցին տարեկան ո՞րչափ գումար կը ծախսէ իւր դպրոցներու համար, այդ չեմ խօսիր, կը խնայեմ, միայն այսչափ կասեմ, որ Վանեցին մեծ մասամբ իւր մանուկներ եւ աղջիկներ եկեղեցւոց նուիրուած դուզնաքեայ մոմագնով եւ իւղագնով կը կրթէ. կրթութեան համար թոշակ տալու սովորած չէ, եւ թէ ուզես՝ կը խոժոռի, եթէ ստիպես՝ տղան դպրոցէն կը հանէ։

Բայց Թոռնիկ, մեզ չէ պիտոյ քաղքցոց օգնութիւն, շէն մնայ գիւղական ժողովուրդ, նա տէրութեան պարտքեր կուտայր այնչափ երթեւեկող հիւրեր կը հոգայ, միթէ կարող չէ՞ մի պարզ