քիդ մէջ ինքնախօս կը լինիս, թէ Պապիկ մեր հարսնիքի խնդիր մոռցաւ, գինու խնդիրէն ուրիշ խնդիր հանեց, երկար-երկար ճառ կը խօսի գլխուս։ Չէ՛, Թոռնիկ, չէ՛, ամուսնացողին շատ խրատ պէտք է, կարծես որ ծեր Պապիկդ ծանծղեր է, գուցէ մոռցաւ հարսնիքի մեծ խնդիր։ Ո՜չ, այսօր շաբաթ է, դու էլ գինին բերիր հասուցիր, ուրեմն ամէն ինչ պատրաստ է։
Այս իրիկուն աղպանստում է, գեղի բոլոր նորահաս կտրիճներ պիտի ժողուին, նոր փեսան իրենց մէջ առնելով պիտի խաղան խնդան, ուրախութիւն անեն մինչեւ լոյս։ Առաւօտ կիրակի է, գեղի բոլոր ժողովուրդ մեծն ու փոքր, այր մարդիկ, կիներ, հարսներ, աղջիկներ, պառաւներ, իրենց ճժերով մեր հարսնիքի տուն պիտի լեցուին։ Գեղացւոց հարսնիք էսպէս կը լինի, դուռ բաց է, քաղքցւոց հարսնիք չէ որ դուռ փակեն հարսնիք անեն՝ մկներ առիքը չիմանան։
Էսօր իրիկուան մօտ հարսի հետ պիտի երթամք, ես եւ գեղի բոլոր մեծամեծ համբաներ։ Հարս պիտի բերենք իջուցենք տուն, քօղ գլխուն թախթին վերայ պիտի նստի, հարսնքոյր իր մօտ էնպէս, ինչպէս պահապան հրեշտակ։
Ժամհար կոչնակ զարնելուն պէս լուսումութին՝ եկեղեցի պիտի գնամք բոլոր հարեւաններով մէկ տեղ, դու այնպէս պէտք է հաւատաս, որ եկեղեցին քեզ համար մի Ադամայ դրախտ է, ուր իջած է Աստուած, ձեր պսակ պիտի դնէ եւ օրհնէ քահանային ձեռքով. դու էնպէս համարի թէ մինչեւ ցարդ կեանքիդ մէջ քնած էիր, յանկարծ կը զարթիս, քնաթաթախ աչքդ կը բանաս, որ մի նոր Եւայ Շուշան ծաղիկ բուսած է կշտիդ, ձեռք ձեռքի կուտայ քահանան ու կասէ. «Առեալ զձեռն Եւայի տուեալ ի յաջն Ադամայ» եւ այլն, դու եւս մտքիդ մէջ խօսիր մեր մեծ Պապկին պէս։ «Այս այժմ ոսկը յոսկերաց իմոց եւ մարմին ի մարմնոյ իմոյ» եւ այլն։ Կսկսի քահանան ուրիշ խորհրդաւոր աղօթքներ կարդալ ձեր վրույ, ձեր ու հարսի բերնէն խոստումներ կանէ, բոլոր ժողովուրդ վկայ կը լինի. դուք Աստուածադիր օրէնքով էնպէս պինդ կը կապուիք իրարու հետ, որ միայն մահ կը քակէ. աշխարհի ձեռք կարող չէ քակել։ Յիսուս իւր Աւետարանով աւելի ամրապնդեց Հօր Աստուծոյ կապն եւ ասաց, թէ «Զոր Աստուած զուգեաց, մարդ մի՛ մեսնեսցէ»։
Պսակն աւարտելէն յետոյ՝ կելնենք եկեղեցիէն, էն ժամանակ կարգ կուգայ ուրախութեան, կսկսին զուռնան-նաղարան