հետ հաւասար չեն քաշեր եւ միշտ խոփն ակօսէն կը հանեն, եթէ կան մորթէ, Պապկէ հոգւոյն մատաղ արա, բոլոր դիւղի աղքատներ լիութեամբ կերակրէ։ Դու այժմ շուտ մարդ ղրկէ Վարագայ վանք, թող կանչեն Դանիէլ վարդապետ, որ գիւղի յառաջդիմութեան աշխատող բարի մշակն է, թող գայ զիս թաղւ եւ ասէ հոդւոցն։ Մի գոմէշի նորահաս ձագ հոգեբաժին տուր Վարագայ վանքին, վասն զի այդ վանքի շնորհիւ մեք կարդաք սորված եմք:
Թոռնիկ, գերեզմանիս վերայ մի խաչքար տնկէ, եւ այսպէս գրէ յիշատակս։ «Այս է տապան Առջակեցի Պապկէն, որ հող ու մաճ սիրեց, իւր Թոռնիկին հողագործութեան դասեր խօսեց, իւր կտակն աւանդեց ու մեռաւ: Որ հանդիպիք, սաացէք Աստուած ողորմի Պապկէ հոգւոյն»:
Հոգեհանութեանս ժամ կը հասնի, Թոռնիկ. կանչէ մայրիկդ, կանչէ Շուշան եւ իւր զաւակներն. եկէք ի միասին Պապկի ձեռք համբուրեցէք, առէք իմ վերջի օրհնութիւն եւ դուրս գնացէք, զիս առանձին թողէք, որ պահիկ մի հանգիստ մնամ աւանդեմ հոգիս։
Իմ պահապան բարի հրեշտակ, ոստիկանի պէս գլխուս վերայ կերեր ես, կը տեսնա՞ս անձս բոլոր մահուան քրտինքին մէջ կը լողայ. այն քրտինք որ ես կը թափէի դաշտին մէջ, ոհ, այս վերջին քրտինքն է, որ մահուան համար կը թափեմ. այլ եւս պէտք չեն ինձ աշխարհիս հաց. միայն թէ երկնից արքայութեան հացին արժանի լինիմ։
Բարի հրեշտակ, շատ շնորհապարտ եմ քեզ, խանձարուրիս ծննդենէն մինչեւ մահուանս վիճակ զիս պահպանեցիր, շատ անգամ զքեզ վշտացուցի, բայց շատ անգամ էլ ուրախացուցի, թէ մեղանչէի, երես դարձուցած կը տրտմէիր, թէ զղջացած ապաշաւէի, կը ցնծայիր, բոլոր կեանքիս չը գիտեմ որչա՞փ լացիր, որչա՜փ խնդացիր. օրհնեալ է Աստուած, այս վերջին հոգեհանութեանս պահուս, խիստ պայծառ կերեւիս. ոգիս յուսով կը լեցուի, կը հաւատամ թէ հաւատով պիտի աւանդեմ հոգիս։ Միայն կը խնդրեմ որ ասես ինձ, մահու հրեշտակ, հոգիս առնելով ո՞ւր պիտի տանես։
Միթէ չը գիտե՞ս, Պապիկ, դու դրոց աշակերտ ես, թէ հաւատացելոց հոգիներն նախ պէտք է Քրիստոս դատաւորին առաջ ելնեն, միայն քննող դատաւոր կորոշէ մարդկանց հոգիներու